Նոր Հրատարակութիւններ. Յիշատակներ. Անցած Օրեր…
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Լիբանանահայ մշակութային կեանքի մասին որեւէ գրութիւն, մամուլի էջերուն կամ գիրքով հրատարակուած, ամէնուն հետաքրքրութեան կ՛արժանանայ, մանաւանդ երբ ան կը վերաբերի մեր գաղութի կազմաւորման կամ անցեալին մասին: Այսօր երբ լիբանանահայ կեանքը երկրորդ ժամանակաշրջան մը կ՛ապրի, ըսել կ՛ուզենք, երբ ապրած ենք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, ունինք նախապատերազմեան պատմութիւն մը, զարմանքով, հիացումով կը հետեւինք նման գրութիւններու: Այդ օրերուն, երբ համակարգչային գիւտը չէր տարածուած, տարբեր նախասիրութիւններ ունէինք` գիր ու գրականութեան, երգ ու երաժշտութեան, թատերական ոլորտի եւ ընկերային այլ կարգի երեւոյթներու վերաբերեալ:
Մեր վերի տողերը նախաբան մը թող նկատուին, քանի որ մեր ձեռքին ունինք նոր հրատարակուած գիրք մը (Լոս Անճելըս) «Յիշատակներ, անցած օրեր»: Հեղինակ` Պօղոս Շահմելիքեան: Ան գրած է իր յուշերը լիբանանահայութեան երաժշտական, յատկապէս էսդրատային երաժշտութեան մարզը ընդգրկած նախապատերազմեան այն մթնոլորտին մասին, որուն յանձնառու անդամներէն մէկը եղած է:
Չմոռնանք Պուրճ Համուտը եւ հոն ծնած ու ապրած այն սերունդը, որ մասնակցեցաւ այս գաղութին կրթական, թատերական, գրական, երաժշտական, մարզական եռուն կեանքին: Քիչ բան գրուած է այս մասին: Ունեցանք մշակութային այնպիսի գովելի ժամանակաշրջան մը, երբ երգահանդէսները, դասական թէ էսդրատային, նոյնիսկ Փոփ երաժշտութեան վերաբերեալ իրարու կը յաջորդէին: Այդ տարիները արդէն անցան պատմութեան, բայց պէտք չէ մնան անհետ կորած, մոռցուած անցեալ մը: Այս կապակցութեամբ օրագրային իր յուշերը արձանագրած է պէյրութահայ նախկին օրերու երաժիշտ, կիթառահար Պօղոս Շահմելիքեան: Ան եղած է հիմնադիրներէն «Ֆայվ Ֆինկըրզ» նուագախումբին, որ այդ օրերու նոր սերունդի երիտասարդութեան հաճելի եւ հետաքրքրական մթնոլորտ մը ստեղծած էր:
Այս առիթով փակագիծ մը…
Ամառնային եղանակ է: Լիբանանի հովասուն բարձունքները` հրապուրիչ: Ամէն անգամ որ ինքնաշարժով անցնինք Մեթնի դալարագեղ ճամբաներէն, բլուրներէն, դէպի Պիքֆայա, Տհուր Շուէյր, Պոլոնիա-Մրուժ, ճամբեզրին կը նշմարենք վայր մը, որ էր երբեմն կը կոչուէր «Լա ֆուրմի» զբօսարան: Կը յիշենք անմիջապէս ու մտովի կամ բարձրաձայն կ՛ըսենք:
– Հոս ժամանակին, պատերազմէն առաջ, «Լա ֆուրմի»-ի սրահը կար, երբեմն` բացօթեայ շրջապատով: Հոս կ՛երգէին «Ֆայ Ֆինկըրզ» նուագախումի տղաքը: Մատնացոյց կ՛ընենք Տհուր Շուէյրի երկու ճաշարաններ` այս նոյն ճանապարհին: Աջ կողմի ճաշարանը կ՛երգէր Ատիս Հարմանտեան, դիմացի ճաշարանը Լեւոն Գաթըրճեան: Կ՛ըսենք, կը յիշենք եւ կը խորհրդածենք անցեալի այդ ոսկի օրերուն մասին, երբ մեր գաղութը կը յորդէր մշակութային այլազան հանդիսութիւններով, քաղաքներէն մինչեւ գիւղերը, լեռնային տարածքներ: Հայկական երգ ու խնդութիւն…
«Յիշատակներ, անցած օրեր»` գիրքը 216 էջերուն մէջ կը ներկայացնէ պատմութիւնը լիբանանահայ երաժշտական-էսդրատային ոլորտին, ուր հանդէս եկած են երիտասարդական խանդավառ, շնորհալի երիտասարդներ: Անոնք կազմած են նուագախումբեր, մասնակցած են հանդիսաւոր երաժշտական ձեռնարկներու: Նուագախումբերու մէջ նուագած, երգած, երգերը դաշնաւորած հարիւրաւոր անուններ կը կարդանք, որոնց մասին գիրքին հեղինակը` Պօղոս Շահմելիքեան կը յիշատակէ անունները` նկարներով անոնց կատարած երգերով: Ոմանք շատ յաջող, ուրիշներ լաւ կամ նուազ յաջողութիւն գտած երգիչներ, խղճամիտ եւ հարազատ ներկայացումով, եւ պարզ լեզուով ծանօթագրութիւններ:
«Տը Ֆայվ Ֆինկըրզ»-ի մասին դրուատական արտայայտութիւններ ունի Պօղոս Շահմելիքեան: Այս նուագախումբին անդամները եղած են` Պօղոս Շահմելիքեան, Յակոբ Անտըզեան, Սիմոն Գռուզեան, Հրաչ Կիւրիւնեան, Վագօ Տելլալեան: Բազմաթիւ նուագախումբեր էսդրատային, ճազ եւ նման ոճի, յայտնուած են այս քսան տարիներու ընթացքին: Հեղինակը արձանագրած է հարիւրաւոր անուններ, որոնց ծանօթացած է: Հետաքրքրուեցանք հեղինակին այս աշխատանքով: Ան գրած է իրեն ծանօթ երաժիշտներու, երգիչներու, նուագողներու, յօրինողներու եւ կազմակերպիչներու մասին: Նոյն ատեն ան կը պատմէ դրուագներ` հաճելի եւ անհաճոյ փորձառութիւններէ քաղուած, ինչ որ հետաքրքրական կը դարձնէ գիրքին ընթերցումը:
Լիբանանահայ երաժշտական պատմութեան յանձնուած յուշեր, յիշատակելի երեւոյթներ, նուագախումբերու. «Լէ սուփիրան», «Լոս Ամորես», ղեկավարութեամբ եւ մասնակցութեամբ Աւետիս եւ Վարդիվառ Անթոսեան եղբայրներու, «Լէ լիւնեթ նուար»` գլխաւորութեամբ Արա Քեքեճեանի: Յիշենք, որ հեղինակը յատուկ ուշադրութեամբ անդրադարձած է Արա Քեքեճեանի երաժշտական ներդրումին, հայ թէ եւրոպական Ռեթրօ երգերու ծաղկումին, մասնաւորաբար անոր ստեղծած մանկական երաժշտութեան: Պօղոս Շահմելիքեան կ՛ըսէ. «Արա Քեքեճեան եղաւ հայերէն երգերու առաջին տարածողը Լիբանանի մէջ:
Մեզի ծանօթ եւ համբաւի տիրացած անուններու մասին դրուատիք ունի հեղինակը: Ատիս Հարմանտեանի հետ շրջած է իբրեւ կիթառահար, երկրէ երկիր, ուր որ հայկական գաղութներ եղած են: Յարութ Փամպուքճեան, Լեւոն Գաթըրճեան, Սերդակ Օվիկեան (այժմ լռած կը թուի ըլլալ), Էտի Գեվ, Յարօ Բուրեան, Վաչէ Մկրտիչեան, Սարգիս Թօփալեան (նշանաւոր թրոմփեթիստ): Տակաւին կան շատ ուրիշներ, որոնց մասին արձանագրած է Պօղոս: Իգական անուններու մէջ կը յիշատակէ եւ կ՛արժեւորէ Շուշիկ Սարգիսեանը (արեւմտեան երգերու մեկնաբան), որ իւրայատուկ ձայն ունի: Դժբախտաբար Շուշիկ կանխահաս կերպով հրաժարած է երգելէ:
Կը յիշուի նաեւ անունը Նուշիկ Սարգիսեանի (ժողովրդային երգերու մեկնաբան), որ տարի մը առաջ երգահանդէս մը ներկայացուց Լիբանանի մէջ:
Ինչ կը վերաբերի նուագող երաժիշտներու մասին, հեղինակը բազմաթիւ վերյիշումներ կատարած է տաղանդաւոր երեք երաժիշտներու մասին. Ժաք Գոճեան (դաշնակահար, այժմ հաստատուած Լաս Վեկաս), աննման Վաչէ Երամեան (ջութակահար եւ սաքսոֆոնիստ): Անոր հմայքը անմոռանալի կը մնայ: Հպատակութեամբ լիբանանցի, բայց երկար ատեն ապրած է Հալէպ, «Մէկ ոտքը Լիբանան», ինչպէս կը գրէ հատորին հեղինակը: Ափսոս որ վաղաժամ եղաւ իր մահը, եւ երաժշտութիւնը կորսնցուց բացառիկ ծնունդ մը:
Ալեքսան Մնակեան ամէնուս ծանօթ երաժիշտն է, աքորտիոնիստ, խմբավար, յօրինող, հանրածանօթ դէմք մը, որ նոյնպէս շուտ հեռացաւ այս աշխարհէն:
Հատորին վերջին էջին վրայ կը տեսնենք անունները եւ նկարները «Հեռացած ընկերներու», կանխահաս մահով բաժնուած 15 երգող ու նուագողներ, որոնց իւրաքանչիւրին մասին աղուոր յուշեր ունի հեղինակը:
Տեսակ մը համայնագիտարան է այս համեստ, բայց խօսուն գիրքը` լիբանանահայ ժողովրդային երաժշտութիւնը պատմութեան յանձնող:
Առանձին ստեղծագործուած, երկար տարիներու աշխատանքով իրականացած հրատարակութիւն մը: Ապրի՛ս, Պօղոս Շահմելիքեան:

