Տական. «Իսրայէլ Դէպի Շրջանային Պատերազմ Կ՛ուղղուի»

Իսրայէլեան գաղտնի սպասարկութեան` Մոսատի նախկին ղեկավար Մէյիր Տական Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Իրանը հարուածելու ուղղուածութեան վրայ պնդումին վտանգէն զգուշացուց:

Ան այդպիսի արարք մը յիմարութիւն նկատելով յայտնեց, որ «այդ որոշումը կը նշանակէ, որ Իսրայէլ Միջին Արեւելքի մէջ շրջանային պատերազմ յառաջացնելու կ՛ուղղուի»: Ըստ անոր, Իրանը հարուածելու պատճառով իսրայէլացիներու առօրեայ կեանքը երկար ժամանակ արտակարգ դրութեան վրայ պիտի մնայ:

Մոսատի նախկին ղեկավարը ըսաւ, որ Իրանի դէմ յարձակում գործելը յիմարներու կողմէ գործուող արարք մըն է, իսկ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատ իսրայէլեան ղեկավարութենէն աւելի ողջմիտ է: Ան իսրայէլացիներուն կոչ ուղղեց` Իրանի հիւլէական ծրագիրը դիմակայելու այլընտրանքներ ուսումնասիրելու` վստահեցնելով, որ ներկայ պահուս Իրանի դէմ յարձակում գործելը ճիշդ ընտրանք մը չէ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES