Ռոմնի Օպամայի Կողմնակիցներուն Հասցէին Վատ Արտայայտութիւն Կ՛ունենայ Եւ Հայաստանի Կ՛անդրադառնայ
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան հանրապետական թեկնածու Միթ Ռոմնի սեփական հովանաւորներու հետ ընթրիքի մը ընթացքին գործող նախագահ Պարաք Օպամայի կողմնակիցներուն մասին վատ արտայայտութիւն ունեցած է:
Պահուած տեսախցիկով նկարուած տեսագրութեան մէջ հանրապետական թեկնածուն կ՛ըսէ, որ ամերիկացի ընտրողներուն 47 առ հարիւրը, որոնք Օպամայի կ՛աջակցին, եկամուտի տուրքեր չեն վճարեր եւ երբեք հանրապետականներու ի նպաստ պիտի չքուէարկեն:
«Ես երբեք պիտի չյաջողիմ զանոնք համոզել այն հարցին մէջ, թէ իրենք պէտք է անձնական պատասխանատուութիւն կրեն եւ իրենք իրենց հոգ տանին», ըսաւ ան:
Խօսելով ընտրապայքարին մասին` Ռոմնի նշեց, որ ինք «արտակարգ փորձառու, մեծ յաջողութիւններու հասած խորհրդատուներու շատ լաւ խումբ ունի»:
«Մասնաւորաբար ունիմ քանի մը մարդ, որոնք ամբողջ աշխարհի մէջ (ընտրական) պայքարներ կազմակերպած են: Այս մարդիկը Միացեալ Նահանգներու մէջ հաւասար են Քարլ Ռովին, ընտրապայքարներ կը կազմակերպեն ամբողջ աշխարհի մէջ` Հայաստանի, Ափրիկէի եւ Իսրայէլի մէջ: Նկատի ունիմ անոնք, որոնք կ՛աշխատին Պենիամին Նեթանիահուի համար` անոր ընտրապայքարին մէջ: Անոնք կը կազմակերպեն այս ընտրապայքարները եւ կը հասկնան, թէ ո՛ր գովազդները արդիւնաւէտ են եւ ո՛ր հոլովոյթները ամէնէն լաւը կ՛աշխատին: Եւ մենք գաղափարներ ունինք, թէ ի՛նչ կ՛ընենք քարոզարշաւի ընթացքին», ըսած է ան:
Ռոմնի նաեւ նշած է, որ պաղեստինցիները խաղաղութեամբ հետաքրքրուած չեն:
Տեսագրութեան բովանդակութիւնը հրապարակած է «Մատըր Ճոնզ»-ը, որուն իբրեւ պատասխան Ռոմնի յայտարարած է, թէ նոյն բաները հրապարակաւ ըսած է:
Դեմոկրատականներու հակազդեցութիւնը չուշացաւ: Օպամայի ընտրական գրասենեակի ներկայացուցիչ Ճիմ Մեսինա յայտարարած է, որ «դժուար է բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ, երբ արհամարհաբար հաշիւէն կը հանես բնակչութեան կէսը»:
«Պի.Պի.Սի.»-ի թղթակից Էտըմ Պրուքս Ուաշինկթընէն կը յայտնէ, որ այդպիսի խօսքերը կրնան լրջօրէն հարուածել Ռոմնիի վարկանիշը:


