ՀՅԴ Կը Ստեղծէ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան «Օգնէ` Եղբօրդ» Հասարակական Նախաձեռնութիւնը

Վահան Յովհաննիսեան եւ Լիլիթ Գալստեան` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

ՀՅԴ-ի նախաձեռնութեամբ ստեղծուեցաւ «Օգնէ՛ եղբօրդ» նախաձեռնող խումբ մը, որուն նպատակն է օգնութեան ձեռք երկարել Սուրիա գտնուող կարիքաւոր սուրիահայ եւ ոչ միայն սուրիահայ ընտանիքներուն: Նախաձեռնութեան մասին երէկ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին խօսեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հիմնադրամի նախագահ Լիլիթ Գալստեան:

Վահան Յովհաննիսեան ընդգծեց, որ հիմա Սուրիոյ մէջ արդէն քաղաքացիական պատերազմ է եւ Սուրիոյ ամբողջ ժողովուրդը բաւական դժուար վիճակի մէջ կը գտնուի: Պատերազմական գործողութիւններու կիզակէտը դարձած է Հալէպը, ուր մեծ բացասական ազդեցութիւն կայ Թուրքիոյ կողմէ: Վահան Յովհաննիսեան նշեց, որ «Բաժնէ՛, որ տիրես» բանաձեւը կը գործէ հիմա ալ, բայց հիմա` բաժնել կրնան, տիրել` ոչ: Ըստ դաշնակցական գործիչին, «Արաբական գարուն»-ը բաւական դժոխալի երեւոյթի վերածուեցաւ: Ան ընդգծեց, որ այսօր Հայաստանի պարտքն է ամբողջ ուժերը լարել, որ Սուրիոյ մէջ մնացած հայը զգայ մեր հոգատարութիւնը:

Ըստ անոր,  այնպէս չէ, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր հայերը անպաշտպան են եւ կարելիութիւններ չունին, սակայն կան չքաւոր հայեր, որոնց պարտական են իրենք օգնելու, եւ «Օգնէ՛ եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը անոր համար է: Յովհաննիսեան յայտարարեց, որ նախաձեռնող խումբին կողմէ արդէն բաւականաչափ գործ  կատարուած է, եւ բարեգործական առաջին օդանաւը մօտ օրէն արդէն պիտի մեկնի Սուրիա: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը տեղեկացուց նաեւ, որ հսկայական օգնութիւն ցուցաբերած է Արցախը:

Լիլիթ Գալստեան իր կարգին ընդգծեց, որ օգնութիւն ցուցաբերելու համար կրնան համախմբուիլ բոլորը` անկախ կուսակցական, գաղափարական պատկանելիութենէն: Ան յայտարարեց, որ այսօր բացուած դրամատնային հաշիւին արդէն իսկ փոխանցուած է 1 միլիոն դրամ: Պատրաստ է Սիրիա մեկնող առաջին բեռնատար օդանաւին կէսը, կայ դեղորայքի, սննդամթերքի կարիք:

Լիլիթ Գալստեան նկատել տուաւ, որ մտածած են շարք մը ծրագիրներ` օգնութեան չափը մեծցնելու ակնկալիքով: Օրինակ` հոկտեմբերին կը նախատեսուի կատարել բարեգործական համերգ, որ պիտի աւարտի դրամահաւաքով: «Այս նախաձեռնութիւնը իսկապէս բաց նախաձեռնութիւն է, եւ մենք կրնանք քննարկել օգնութեան միտուած որեւէ առաջարկ», նշեց ան: Գալստեան նաեւ յայտնեց, որ շարք մը գործարարներ արդէն պատրաստակամութիւն յայտնեցին աջակցելու` տեղական արտադրանք յատկացնելով:

Վահան Յովհաննիսեան շեշտեց, որ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հասարակութիւններու օգնութեան արձագանգը արագ էր եւ համապատասխան:

Դաշնակցական գործիչները ընդգծեցին, որ իրենք չունին այն լաւատեսութիւնը, որ Սուրիոյ մէջ տագնապը կարճաժամկէտ է, ուստի օգնութիւնը միանուագ պիտի չըլլայ: Առաջին օդանաւը, ամենայն հաւանականութեամբ, Սուրիա պիտի մեկնի մինչեւ սեպտեմբերի աւարտը: Ամէն ինչ ապահով տեղ հասցնելու համար բանակցութիւնները կը շարունակուին: «Ասիկա հասարակական նախաձեռնութիւն է, կուսակցական չէ եւ պէտք չէ կուսակցականացնել: Բնականաբար, ՀՅԴ-ն Սուրիոյ մէջ ամէնէն աշխուժ դերը պիտի խաղայ, որովհետեւ Սուրիոյ մէջ ամէնէն ճկուն կառոյցները ՀՅԴ-ն ունի», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

Երէկ լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանին հարց տուին, թէ արդեօք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօններու դաշնակցականներու նշանակումը, իշխանութեան հետ համագործակցութիւնը չի՞ խանգարեր Հայաստանի դաշնակցականներուն նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին:

Յովհաննիսեան նախ յայտարարեց, որ այսպիսի կասկածի մէջ մեծ տրամաբանութիւն չի տեսներ, ապա ալ աւելցուց, որ Արցախի մէջ բոլորովին այլ իրավիճակ է, Արցախի մէջ ՀՅԴ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները բոլորովին այլ մակարդակի վրայ են, այնտեղ բնակչութեան, պետութեան եւ քաղաքական ուժերու օրակարգը էապէս կը տարբերի հայաստանեան օրակարգէն:

«Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-իշխանութիւն յարաբերութիւնները պարտադիր չէ, որ կրկնուին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Երբ, օրինակ, Հայաստանի մէջ ՀՅԴ-ն հետապնդուած էր, Արցախի մէջ այդպէս չէր, եւ որքան ալ Հայաստանի իշխանութիւնը պնդեց եւ ճնշեց Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն վրայ, որ նոյն քաղաքականութիւնը վարեն, բայց անոնք ատիկա չկատարեցին: Եկէք  Արցախը իսկապէս դիտենք իբրեւ հայ ժողովուրդի երկրորդ պետականութիւն` եթէ ոչ ամբողջութեամբ անկախ, ապա բաւականաչափ ինքնուրոյն, եւ այս ինքնուրոյն պետականութեան հետ ՀՅԴ յարաբերութիւնները պէտք չէ դիտարկենք հայաստանեան չափանիշով», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան:

Ան անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Արցախի մէջ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն բացարձակապէս անկախ է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )