Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Պորտիւժան
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժան:
Կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը Հայաստանի նախագահին զեկուցեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Փոխադարձ գործակցութիւն-2012» արագ արձագանգման հաւաքական ուժերու միացեալ ռազմափորձերուն ընթացքին մասին:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին կողմէ ընդունուած որոշումներու կատարման ընթացքին եւ օրակարգային այլ խնդիրներու:
CATEGORIES Հայկական