Ճատրակ. Հայաստանի Տղոց Հաւաքականը 2660 Կէտով Կը Գրաւէ 6-րդ Դիրքը
ԻՐ լուրը քաղելով ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքէջէն, «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի ճատրակի տղոց հաւաքականը միջազգային դասաւորման մէջ 2660 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Այս ցանկը կ՛որոշուի ՖԻՏԷ-ի անդամ երկիրներուն միջազգային տիտղոսներ ունեցող ճատրակի խաղացողներուն ապահոված կէտերով եւ անոնց գրաւած դիրքերով:
Ներկայիս Հայաստան ունի 33 կրանտմասթըր, 26 միջազգային վարպետ, իսկ ճատրակի այլ տիտղոսներ ունեցողներուն ընդհանուր թիւը կը կազմէ 91:
Պարագլուխի դիրքը 2742 կէտով կը գրաւէ Ռուսիա, որ ունի 214 կրանտմասթըր, 419 միջազգային վարպետ եւ 2132 կոչում ունեցող այլ խաղացողներ: 2-րդ դիրքը 2703 կէտով կը գրաւէ Ուքրանիա, որ ունի 79 կրանտմասթըր, 199 միջազգային վարպետ եւ 489 այլ կոչում ունեցողներ:
Վերջապէս, երրորդ դիրքը 2668 կէտով կը գրաւէ Ֆրանսա, որ ունի 46 կրանտմասթըր, 95 միջազգային վարպետ եւ 342 այլ կոչում ունեցողներ:
Նշենք, որ Հայաստան միայն մէկ կէտի տարբերութեամբ ետ կը մնայ յաջորդաբար 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը գրաւող Հունգարիայէն եւ Չինաստանէն, որոնք ունին 2661-ական կէտ:

