ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՇԵՇՏԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՒ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆԸ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կոչ ուղղեց ամրապնդելու ներքին լիբանանեան ապահովական կայունութիւնը եւ հեռու մնալու այն բոլոր քայլերէն եւ հակազդեցութիւններէն, որոնք նկատի չեն ունենար տարբեր մակարդակներու վրայ արձանագրուելիք զարգացումները:
Միքաթի հաստատեց, որ լիբանանեան հարցերուն տարողութիւնը յաւելումներ չի կրնար հանդուրժել, հետեւաբար պէտք է հսկել երկրին ապահովական կայունութեան, այլապէս` շրջանային փոփոխութիւնները եւ Միջին Արեւելքի մէջ տիրող ընդհանուր մթնոլորտին ազդեցութիւնը շատ վատ պիտի ըլլան Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար, յատկապէս լիբանանցի այն քաղաքացիներուն համար, որոնք կ՛ապրին արաբական տուեալ երկիրներուն մէջ:
Միքաթի նշեց, որ լիբանանեան քաղաքական որոշ կողմեր հասկացողութիւն եւ ըմբռնում ցուցաբերեցին այս մտավախութիւններուն նկատմամբ եւ իրենց այս կեցուածքները, մեկնաբանեցին դրական մօտեցումներով, որոնց ընդմէջէն կարելի կ՛ըլլար շօշափել ազգային պատասխանատուութիւնը:
Միքաթի ընդգծեց, որ պէտք է պահպանել նաեւ Սուրիոյ մէջ տիրող ապահովական կայունութիւնը` կոչ ուղղելով միջամուխ չըլլալու Սուրիոյ կամ արաբական որեւէ երկրի ներքին հարցերուն:
Միւս կողմէ, Միքաթի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ երէկ յետմիջօրէին Միքաթի իր անձնական օդանաւով մեկնեցաւ Լոնտոն: