Հայ Եկեղեցին Կը Մասնակցի Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Կեդրոնական Վարչութեան Ժողովին
Երեքշաբթի, 28 օգոստոսէն չորեքշաբթի, 5 սեպտեմբեր 2012, Կրետէի (Յունաստան) Ուղղափառ ակադեմիային մէջ գումարուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը:
Ժողովին յանուն Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան մասնակցեցան Վիգէն արք. Այքազեան եւ երէցկին Փոլա Տէր Մաթոյեան, իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութենէն` Նարեկ արք. Ալեէմեզեան եւ Թենի Սիմոնեան:
Առաջին օրը, բացման հաւաքական աղօթքէն ետք, ժողովականներ լսեցին ատենապետ դոկտ. Ուոլթըր Օլթմանի եւ ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Օլաւ Ֆիքսէ Թվէյթի զեկուցումներն ու կատարեցին համապատասխան քննարկումներ:
Յաջորդող օրերուն ժողովականներ քննարկեցին եկեղեցաբանական, միսիոնարական եւ կանոնագրական ընթացիկ հարցեր ու առաւելաբար զբաղեցան 2013-ին Քորէայի մէջ գումարուելիք համաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն վերջնական փուլերով:
Երկուշաբթի, 3 սեպտեմբերին ժողովականներ ընդունեցին այցելութիւնը հիւրընկալ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ` յոյներու տիեզերական Բարթողիմէոս Ա. պատրիարքին:
Յանձնախումբերու զեկուցումներուն ներկայացումով եւ հաւաքական աղօթքով աւարտեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի Կեդրոնական վարչութեան ժողովը, որ վերջինն էր նախքան 2013-ի համաժողովը:

