Վարչապետ Միքաթի Շարունակեց Հետապնդել Երկրին Ապահովական Հարցերը
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց նախարարական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:
Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի նախարարներուն ուշադրութեան յանձնեց Լիբանանի մէջ ստեղծուած առեւանգումի եւ առեւանգեալները ազատ արձակելու փոխարէն փրկագին պահանջելու նախընթացը` շեշտելով, որ այդ իրականութիւնը կը խոցէ լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը, ինչպէս նաեւ երկրին ապահովական կայունութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ կարելի չէ թոյլ կեցուածք ցուցաբերել այս իմաստով, ինչ ալ ըլլան պայմանները: Ան ընդգծեց, որ ապահովութեան ուժերը պէտք է դիմեն խստագոյն միջոցառումներուն` կանխարգիլելու համար նման դէպքեր:
Վարչապետ Միքաթի նշեց, որ առեւանգումի միջադէպերը թէեւ իմաստութիւն, խոհեմութիւն եւ համբերութիւն կ՛ենթադրեն` պահպանելու համար առեւանգեալին անվտանգութիւնը, սակայն անոնք կարիքը ունին նաեւ խստութեան` պատժելու համար յանցագործները:
Վարչապետը շեշտեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ ապահովութեան ուժերուն օժանդակութիւնը իր կարգին անհրաժեշտութիւն է:
Հանդիպումէն ետք նախարար Շարպել յայտնեց, որ նիստին ընթացքին որոշուած է երկրին ապահովական կառոյցներու բոլոր պետերը հրաւիրել կառավարութեան գումարելիք յետմիջօրէի նիստին` քննարկելու համար առեւանգումին դէմ պայքարելու միջոցները:
Միւս կողմէ, Շարպել յայտնեց, որ Ռումիէի բանտին մէջ կառուցուող դատավարութեան դահլիճին մէջ դատավարութիւնները պիտի սկսին յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին եւ այդ մէկը դրական ազդեցութիւն պիտի ձգէ բանտարկեալներուն վրայ:
Վարչապետը ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին Միքաթիի մասնակցութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Փաուլօ Սերրա, որ Միքաթիի հետ քննարկեց ՖԻՆԻՒԼ-ին եւ բանակին միջեւ գործակցութեան եղանակը:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի փոխնախագահ Էնկըր Էնտըրսընը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած բարեկարգումները` երկրին տնտեսութիւնը բարելաւելու նպատակով: