Ճատրակ. Տիգրան Ղարամեան Տիրացաւ Լոզանի Միջազգային Մրցաշարքի Տիտղոսին

Տիգրան Ղարամեան

Armchess.am կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ կրանտմասթըր Տիգրան Ղարամեան տիրացած է Լոզանի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին` առաւելագոյն 7 կէտէն ապահովելով 5,5 կէտ:

Հակառակ անոր որ Միհայիլ Ուլիպին (Ռուսիա) եւ Քրասիմիր Ռուսեւ (Պուլկարիա) ապահովեցին նոյնքան կէտ, սակայն թայ-պրէյքով յաղթական հռչակուեցաւ Ղարամեան:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 89 ճատրակ խաղացողներ:

 

Share this Article
CATEGORIES