«Սէուտական Արաբիա Եւ Քաթար Սուրիոյ Դէպքերուն Ետին Կը Կանգնին» Կ՛ըսէ Մարկիլով

Միխայիլ Մարկիլով

Ռուսիոյ Տումայի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ, ափրիկեան երկիրներու հետ համագործակցութեան հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայիլ Մարկիլով «Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ դէպքերը միայն ներքին հարցերու արդիւնք չեն, այլ նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ իշխանութեան պայքարի»:

«Սուրիոյ մէջ այսօր տեղի ունեցող դէպքերը միայն ներքին պատճառներու արդիւնք չեն, այլ նաեւ աշխարհի այս հատուածին մէջ աշխարհաքաղաքական լարուածութեան», ըսաւ ան` նշելով, որ «ինք համաձայն է այն փորձագէտներուն, որոնք կը կարծեն, որ Սուրիոյ եւ արաբական աշխարհի դէպքերուն ետին Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը կը կանգնին, եւ շրջանին մէջ իշխանութեան պայքար կը մղուի, որովհետեւ Իրան կը ջանայ կացութեան տիրել, իսկ «արեւմուտք-Ռուսիա» առանցքին վրայ այս ճակատումէն զերծ կը մնան Ռուսիան եւ Չինաստանը»:

Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Տումայի մէջ սուրիական զինուորական ուղղաթիռ մը 200 ճամբորդ փոխադրող ճամբորդատար օդանաւի մը բախելէ ետք ջախջախուած է, իսկ օդանաւը ապահով կերպով էջք կատարած է Դամասկոսի օդակայան:

Ամերիկեան «Ուորլտ Թրիպիուն» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա Ասատը տապալելու համար իրենց գաղտնի սպասարկութեանց գործակցութիւնը աշխուժացուցած են:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )