«Ասատ Այլեւս Քաղաքական Գետնի Վրայ Մահացած Է» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը օրէ օր կը զօրանայ, ուստի սուրիական վարչակարգը պիտի տապալի, որովհետեւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ քաղաքական գետնի վրայ այլեւս մեռած է»` նշելով, որ «դժուար է ըսել, թէ այդ մէկը ե՛րբ տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ ատիկա կախեալ է կացութեան նկատմամբ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի մօտեցումէն»:

Էրտողան ըսաւ, որ «Թուրքիա չ՛ուզեր Սուրիոյ մէջ վարչակարգի մը ձեւաւորման համար արտաքին որեւէ միջամտութիւն տեսնել»` աւելցնելով, որ «այն, ինչ որ կը պատկերացնենք, փոխանցման կառավարութիւն մըն է, որուն գործերը արդար սահմանադրութեան մը վրայ հիմնուած են, եւ վարչակարգ մը, որուն մէջ ժողովուրդը ազատ պիտի ըլլայ իր թեկնածուները ընտրելու եւ քաղաքական կուսակցութիւններ կազմելու»:

Թուրքիոյ վարչապետը ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ թրքական սահմանին մօտ շրջանին մէջ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը հաստատման համար պէտք է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշում մը որդեգրուի:

Նշենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ մէկ օր առաջ եգիպտական «Ահրամ Արապի Մասրի» պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Թուրքիան, Քաթարը եւ Սէուտական Արաբիան ամբաստանեց սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու յանցանքով` վստահեցնելով, որ «ի վերջոյ զինեալները պիտի չյաղթեն», թէկուզ ճակատամարտի վճռումը որոշ ժամանակի կարօտի:

Ասատ յայտնեց, որ «թուրքերը սուրիական տագնապին նկատմամբ իրենց կեցուածքին համար շատ բան կորսնցուցին, իսկ այս կառավարութիւնը (թրքական «Ա.») շատ լաւ կը գիտակցի, թէ իրեն հետ ժողովուրդը եւ Թուրքիոյ ազգային ապահովութիւնը ի՛նչ կացութեան մատնեց: Անոնք այդ շահերով չեն հետաքրքրուած որքան «նոր օսմանականութիւն» կոչուած իրենց փառամոլութեամբ, այլ խօսքով` իրենց հաշիւները Թուրքիոյ շահերուն առնչուած չեն, այլ` որոշ խմբակի մը շահերուն»:

Նշենք, որ Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարը երէկ յայտնեց, որ Ասատ եգիպտական որեւէ թերթի հետ հարցազրոյց չէ կատարած:

Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ժիհատ Մաքտիսի «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեց, որ «սուրիացիներու միասնականութիւն յառաջացնելու միտող քաղաքական շինիչ որեւէ քայլ ողջունելի է», այնքան ատեն որ այդ քայլին դիմողները արտաքին միջամտութիւնը կը մերժեն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )