Խմբագրական. Ներքին Խնդիրներու Դիմակայումը` Միեւնո՛յն Կազմակերպուածութեամբ (Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 21-ամեակին առիթով)
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 20-ամեակի փառաւոր տօնակատարութիւնները տարի մը առաջ գերազանցապէս քաղաքական ուղերձ փոխանցելու նպատակ ունէին ռազմական նախահաշիւները անսահմանափակօրէն ուռճացնող Ազրպէյճանին. նաեւ դարաւոր թշնամիին` Թուրքիոյ:
Հայոց բանակի կարողականութեան, ռազմաարհեստագիտական գերյագեցուածութեան, մարտունակութեան եւ, ինչո՛ւ չէ, Հարաւային Կովկասի մէջ անոր վայելած անգերազանցելիութեան համբաւի պահպանման բազմաթիւ ուղերձներ յաջողեցաւ փոխանցել 20-ամեակին առիթով կազմակերպուած ռազմական շքերթը, որ անշուշտ ներքին առումով հպարտանքի համընդհանուր համոզում ամրագրեց բոլորին մօտ:
Հայրենիքի անվտանգութեան, պաշտպանողականութեան բարձր աստիճանաչափի այս ցուցադրութիւնը անհրաժեշտ գործողութիւն էր, որուն իրականացման ընթացքին կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակ նուաճեց հայոց պետականութիւնը: Այս` օրինաչափ երեւոյթ է, մանաւանդ` նկատի ունենալով մեր երկրի կիսապատերազմական իրավիճակը, ամէնօրեայ հրադադարի խախտումները, շրջափակուած ըլլալը, թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը եւ Ազրպէյճանի ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը:
Արտաքին մարտահրաւէրները դիմակայելու ուղղութեամբ նման մակարդակի պատրաստուածութիւնը կը յուշէ, որ երկիրն ու ժողովուրդը ներքին առումով եւս միեւնոյն աշխատանքային կեդրոնացումն ու ռազմավարութիւնը կը պահանջեն: Սահմաններու պաշտպանողականութիւնը կ՛իմաստաւորուի, երբ այդ սահմաններէն ներս կ՛ապրի, կը ստեղծագործէ առողջ հասարակարգ` արժանապատիւ կեանքով:
Արդէն անցանք անկախ հանրապետութեան գոյառման եւ շարունակականութեան գոյապատճառի երկրորդ անբաժան ստորոգելիին` ազատութեան գաղափարին: Ինքնիշխանութիւնն ու անկախութիւնը կարելի չէ իրենց բացարձականութեան մէջ ընկալել առանց ազատութեան, որ ազգի զարգացման գործընթացին համար կենսական գաղափարախօսութիւն է, որ տեսութենէն անդին` ամէնօրեայ կշռոյթով ինքզինք իբրեւ անհրաժեշտութիւն զգալի կը դարձնէ օդի ու ջուրի նման:
Միայն ազատ քաղաքացին է, օրէնքի առջեւ հաւասարութիւնը զգացող անհատն է, իր ազատ քուէին տէրը եղող մարդն է, որ ժողովրդավարացման եղելոյթին մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ` իր տեղեկացուածութեամբ, իրաւական պետութեան կայացման մեծ աշխատանքին մէջ իր ներդրումը բերած ըլլալու գոհունակութեամբ եւ այս բոլորով քաղաքացիական առողջ հասարակարգի առաջադրուած ձեւաւորման մէջ իր գործօն աջակցութիւնը ունեցողի համոզումով:
Ուրեմն, երկրի սահմանները պաշտպանելու գործին մէջ ցուցաբերուած կազմակերպուածութեան նշաձողի բարձրութեան համահաւասար ներքին կեանքի բարելաւման միտող բարձրորակ անյետաձգելի աշխատանքի իրականացման անհրաժեշտութեան առջեւ է հայոց պետականութիւնը:
Միայն արդար հասարակարգն է, արժանապատիւ կեանքն է, ընկերատնտեսական իրաւական համակարգն է, որ կրնայ դանդաղեցնել – եթէ չենք ուզեր յաւակնոտ դառնալ եւ կասեցնել բառը օգտագործել- արտահոսքը: Իրաւամբ տարբեր առիթներու կը յայտարարուի, որ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան թիւ մէկ խնդիրը ժողովրդագրական պատկերն է: Այդ գերխնդիրը դիմակայելու, համապատասխան լուծումներու ուղիներ ճշդելու հարկադրանքը աւելիով կը նեղէ ճիշդ հունով առաջնորդուելու ընտրանքը: Մանաւանդ երբ տագնապահար գաղութներէն ճգնաժամային իրավիճակներու իբրեւ անմիջական հետեւանք` դէպի հայրենիք կ՛ուղղուին շատերու քայլերը: Այստեղ ուրեմն ոչ միայն արտահոսքի դէմ պայքարելու առաջնահերթութեան մասին է խօսքը, այլ նաեւ` ներհոսքի երեւոյթներուն դիմաց կացութեան տէր կանգնելու, մանաւանդ որ անհեռանկարային պատկերի առջեւ հետզհետէ կը կանգնին դասական սփիւռքի կարեւորագոյն կռուանները:
Հայրենիքի անկախութիւնը համայն հայութեան տօնն է: Հայրենիքի խնդիրները համայն հայութեանն են: Անոնց լուծման ուղիներու որոնումն ու գործնականացումի համապատասխան միջոցներու դիմելը եւս համայն հայութեան պարտականութիւնն են: Համայն հայութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար անյետաձգելիօրէն անհրաժեշտ են` իրաւական պետութիւնը, ընկերատնտեսական արդար համակարգը, ազատ, արդար ու թափանցիկ ընտրակարգը, տեղեկացուած ու ժողովրդավար հասարակարգը: Այլ խօսքով, ազատ քաղաքացիի մը անհրաժեշտ ու նախապայմանային բոլոր դրոյթները:
Արտաքին մարտահրաւէրներու դիմաց ցոյց տրուող կազմակերպուածութեան բարձր մակարդակին պէտք է հասցնել ներքին խնդիրները լուծելու աշխատելաեղանակը: Համա՛յն հայութեան մասնակցութեամբ:

