Պայթում` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ երէկ կէսօրէ ետք մայրաքաղաքի կեդրոնը գտնուող «Ֆոր Սիզընզ» պանդոկի եւ Ազգային թանգարանի մօտ, դէպի Ռայիս կամուրջ տանող ճամբուն վրայ տեղի ունեցաւ պայթում մը, որուն պատճառով զոհուեցաւ մէկ քաղաքացի եւ վիրաւորուեցան քանի մը անցորդներ:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ յայտնեցին, պայթումին նպատակն էր  խանգարել Դամասկոսի մէջ նոյն օրը առաւօտ ընդդիմադիրներու «Յանուն Սուրիոյ փրկութեան» կարգախօսով խորհրդաժողովը, որ կայացաւ պայթումի վայրէն ոչ շատ հեռու թաղամասի մը «Ումայա» պանդոկին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )