«Սուրիահայերու Հիմնախնդիրները Համակարգող Կեդրոն» Հասարակական Կազմակերպութիւնը Պիտի Ստեղծուի
22 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան մէջ նախարար Հրանուշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն` շուրջ 30 սուրիահայերու մասնակցութեամբ:
Հանդիպումին նպատակը սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող հասարակական կազմակերպութիւն հիմնելու գաղափարին քննարկումն էր:
Նախարար Յակոբեանի հաւաստումով, անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ հասարակական կազմակերպութեան հիմնումին, որ պիտի համակարգէ, վերլուծէ եւ սփիւռքի նախարարութեան ներկայացնէ առկայ բոլոր խնդիրները: Պիտի կազմակերպէ կարիքաւորներուն նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու գործընթացը:
CATEGORIES Հայկական

