Ծանրաբարձութիւն. Անդրանիկ Կարապետեան` Աշխարհի Ախոյեան Եւ Մրցանշակիր
Կուաթեմալայի մէջ տեղի ունեցող ծանրաբարձութեան աշխարհի երիտասարդներու ախոյեանութեան մրցումներուն, 77 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Կարապետեան ոչ միայն հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան, այլ նաեւ նոր մրցանշակիր` ընդամէնը բարձրացնելով 331 քկ:
Ինչպէս «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, Կարապետեան, որ տիրացաւ 3 ոսկի մետալի եւ նոր մրցանիշ արձանագրեց, Ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան կողմէ արժանացաւ մեծ գնահատանքի:
Նշենք, որ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Արտեոմ Լեֆլերի (Ռուսիա) եւ Կալիմպեկ Ժուանթպեքով (Ղազախստան):
CATEGORIES Մարզական

