Ամիտրոր Ամերիկայի Մէջ Իրանի Առջեւ Կարմիր Գիծերուն Շուրջ Գաղտնի Քննարկումներ Կատարած Է
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նախագահ եւ վարչապետի աւագ խորհրդական, պահեստի զօրավար Եաքոպ Ամիտրոր գաղտնաբար այցելած է Միացեալ Նահանգներ, ուր Սպիտակ տան մէջ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ժողովներ գումարած է` ջանալով իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ Իրանի առջեւ կարմիր գիծեր դնելու անհրաժեշտութեան շուրջ որոշ փոխհասկացողութիւն գոյացնել:
Օրաթերթը նշեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք կը ջանայ Թել Աւիւի եւ Ուաշինկթընի միջեւ վերոնշեալ հարցին շուրջ յառաջացած տագնապը լուծել:
Միւս կողմէ, Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին մէջ հրթիռներու բաժանմունքի հրամանատար Մոհամետ Ալի Ժաաֆարի լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «եթէ Իսրայէլ որեւէ պատերազմի սկսի, զայն աւարտողը ինք պիտի չըլլայ»:
Ան շեշտեց, որ «իսրայէլեան որեւէ յարձակումի մեր հակադարձութիւնը մեծ պիտի ըլլայ եւ Իսրայէլ կոչուած բան մը պիտի դադրի գոյութիւն ունենալէ»:
Ժաաֆարի նշեց, որ Իրանի դէմ որեւէ յարձակումի հակադարձութիւնը միայն շրջանին մէջ օտար ուժերով պիտի չսահմանափակուի, այլեւ ամէնուրեք գտնուող օտար ուժեր թիրախ պիտի դարձնէ: