Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ հաղորդեց, որ Դամասկոսի մէջ իրավիճակը բաւական խաղաղ կը նկատուի` նկատի ունենալով որ երթեւեկը եւ կեանքը վերադարձած են իրենց բնական վիճակին:

Ինչ կը վերաբերի Դամասկոսի մէջ հայկական կեանքին, ապա երէկ Դամասկահայ կրթական կեանքին համար վերամուտ էր. յաղթահարելով ներկայ պայմանները` հայկական չորս վարժարանները իրենց դռները բացին հայ աշակերտները ընդունելու:

Share this Article
CATEGORIES