Ռաատ. «Պէտք Է Զօրակցիլ Բանակին Եւ Օժանդակել Անոր»
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ երէկ Նապաթիէի մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ պէտք է զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ օժանդակել անոր, որպէսզի կարենայ դիմագրաւել իրեն սպառնացող մարտահրաւէրները:
Ռաատ նշեց, որ բանակը իր ազգային դերակատարութիւնը կը կատարէ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը արգիլելով, որովհետեւ անիկա կը համընկնի Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ չէզոք կեցուածք ունենալու դիրքորոշումին հետ:
«Մեր բանակին դէմ կը յարձակին այն զինեալները, որոնք զէնքի մաքսանենգումով կը զբաղին: Այդ յարձակումին պատճառը այն է, որ լիբանանեան բանակը իր ազգային դերակատարութիւնը կը կատարէ: Հետեւաբար պէտք է նեցուկ կանգնիլ բանակին եւ դատապարտել անոր դէմ գործուած բոլոր յարձակումները», ընդգծեց Ռաատ:
Սուրիոյ տագնապին անդրադառնալով` Ռաատ շեշտեց, որ Սուրիան տապալելու ծրագիրը ձախողութեան մատնուած է, եւ Միացեալ Նահանգները, Իսրայէլն ու Եւրոպան յուսախաբութեան մատնուած են եւ կը մտածեն Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնելու մասին:

