Սապունճեան Ստացաւ Հրաւէր Մը` Նախագահելու Իրանի Մէջ Տեղի Ունենալիք Խորհրդաժողովին
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն ընկերակցեցան դեսպանատան տնտեսական եւ առեւտրական կցորդները` Մուհսեն Շահ Վիլայեթին եւ Ապպաս Ապտել Խանին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան տնտեսական եւ ճարտարարուեստի մարզերուն մէջ գործակցութեան բարելաւման հեռանկարները:
Ապատի նախարար Սապունճեանին յանձնեց հրաւէր մը` նախագահելու լիբանանեան պատուիրակութեան, որ պիտի մասնակցի Թեհրանի մէջ 13-14 նոյեմբերին տեղի ունենալիք Լիբանան-Իրան առեւտուրն ու ճարտարարուեստը զարգացնելու յատուկ խորհրդաժողովին:
Կը նախատեսուի, որ այդ խորհրդաժողովին մասնակցին երկու երկիրներէն տասնեակ մը գործարարներ, որոնք կը ներկայացնեն առեւտուրի եւ ճարտարարուեստի մարզերը, ինչպէս նաեւ սեփական հաստատութիւններն ու գործարանները:


