Մոռնինկսթար «Երջանիկ Պիտի Ըլլայ», Եթէ Ղարաբաղեան Տագնապը Լուծուի

Ռիչըրտ Մոռնինկսթար

Ազրպէյճանական AZE.az կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մոռնինկսթար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան նպատակը ղարաբաղեան խնդիրի խաղաղ լուծումն է: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ հանդիպումներէն յստակ է, որ այս տագնապին լուծումը Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթ խնդիրներէն է»:

Ըստ Մոռնինկսթարի, ինք «երջանիկ պիտի ըլլայ, եթէ իր կողմէ Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պարտականութիւնները կատարելու ժամանակաշրջանին յաջողի լուծել ղարաբաղեան տագնապը»: Կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ դեսպանը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի հովանաւորութեամբ ղարաբաղեան տագնապի բանակցային հոլովոյթի ծիրին մէջ խնդիրները լուծելու համար ջանքեր պիտի գործադրէ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )