Ազրպէյճանցիներու Հերթական Գրգռութիւնը Ձախողութեան Մատնուած Է

23-23 սեպտեմբերին Թոքիոյի ԺԱԹԱ միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսին ժամանակ ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը փորձած է քարոզչական բնոյթի հակահայկական ապատեղեկատուութեամբ մեծաքանակ նիւթեր տարածել մասնակիցներուն եւ այցելուներուն: Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի պատուիրակութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն պահանջած է արգիլել ազրպէյճանական գրգռութիւնը, ինչին կազմակերպիչ կողմի ղեկավարութիւնը արձագանգած է, եւ ազրպէյճանական նիւթերը ցուցասրահէն դուրս հանուած են:

Զբօսաշրջութեան գործակալներու ճափոնական ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը Ասիոյ մէջ զբօսաշրջութեան մարզի մեծագոյն նախաձեռնութիւններէն է, որուն կը մասնակցին աւելի քան 150 երկիրներու զբօսաշրջական կազմակերպութիւններ եւ կառավարական ներկայացուցիչներ:

23-էն 24 սեպտեմբերի լուսցող գիշերը ազրպէյճանցի համացանցահէնները կոտրած են Հայաստանի ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի պաշտօնական կայքէջը: Ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին կայքէջը վերականգնելու համար:

Յայտնենք, որ օրեր առաջ ալ Փարիզի մէջ «Թոփ Ռեսա» միջազգային զբօսաշրջական ցուցահանդէսին մէջ վնասուած էին Հայաստանն ու Արցախը ներկայացնող տաղաւարին, մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաստառները. ազրպէյճանական կողմը բողոքած էր Արցախի մասնակցութեան փաստին դէմ: Հակառակ այդ բոլորին` տաղաւարը վերականգնուեցաւ, իսկ հայկական քարտէսները եւ գովազդային նիւթերը լայնօրէն հասանելի էին միջազգային հանրութեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )