Արցախի Մէջ Նոր Նշանակուած Պաշտօնատարները Ներկայացուեցան Կառավարութեան

Արթուր Աղաբեկեան

Երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացուց պետական այդ մարմինի նոր նշանակուած ղեկավար Լեւոն Գրիգորեանը:

Ներկայացնելով զայն` վարչապետը նշեց, որ փոփոխութիւնը բարեփոխում կ՛ենթադրէ եւ վստահութիւն յայտնեց, որ աշխատակազմի նոր ղեկավարը հանդէս կու գայ նորութիւններով եւ թարմ աշխատաոճով: Ա. Յարութիւնեան կարեւոր նկատեց կառավարութեան աշխատակազմին մէջ ելեկտրոնային կառավարման արմատաւորումը, աշխատանքի արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ միւս հարցերուն լուծման ուղղութեամբ հետեւողականութիւնը:

Վարչապետը գոհունակութիւն յայտնեց  կառավարութեան աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արմէն Աւագեանի կարճատեւ, սակայն արդիւնաւէտ աշխատանքին համար եւ յոյս յայտնեց, որ անոր փորձառութիւնը եւ գիտելիքները պիտի ուղղուին  բնապահպանութեան մարզի զարգացման:

Կառավարութեան առջեւ դրուած պարտականութիւնները լիարժէք կատարելու համար նախագահի հրամանագիրով փոխվարչապետին պարտականութիւնները վերապահուեցան Արթուր Աղաբեկեանին:  Ա. Յարութիւնեան փոխվարչապետը ներկայացուց իբրեւ գործունեայ, հանրապետութեան խնդիրներուն քաջատեղեակ մարդ, որմէ սպասելիքները շատ են:  Ան յոյս յայտնեց, որ ճիշդ միացեալ կառավարում իրականացնելով` յառաջիկայ տարիներուն լուրջ տեղաշարժեր տեղի պիտի ունենան կառավարութեան գործունէութեան մէջ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )