Պուայէ Խոստացած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Օրինագիծ Ներկայացնել
Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ խոստացած է նոր օրինագիծ ներկայացնել:
Թրքական լրատուամիջոցները` յղում կատարելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթին, կը հաղորդեն, որ Պուայէ յայտարարած է, որ կը փափաքի աւարտին հասցնել սկսած գործը: «Օրինագիծը անգամ մը եւս խորհրդարանի օրակարգ պիտի մտցնեմ: Մենք տակաւին յոյս ունինք: Առայժմ կը հետեւինք, թէ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի կատարէ՞ խոստումը, թէ՞ ոչ: Ան յայտարարած էր, որ օրինագիծը օրակարգ պիտի մտցուի, սակայն այսօր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ քաղաքականութիւն կը վարէ», ըսած է Պուայէ:
CATEGORIES Հայկական

