Թենիս. Դաւիթ Նալպանտեանի Վերադարձը` 15 Հոկտեմբերին

Ըստ երեւոյթին, արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր ստացած ծանր վնասուածքէն բաւական ապաքինած ըլլալով, վերսկսած է իր փորձերուն, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:

Ան շատ հաւանաբար իր մասնակցութիւնը չկարենայ բերել Շանկհայի Մասթըրզի մրցաշարքին, բայց եւ այնպէս անոր անունը արձանագրուած կը մնայ մասնակցողներուն ցանկին վրայ:

Սակայն կը կարծուի, որ թենիսի դաշտերը անոր վերադարձին թուականը ըլլայ յառաջիկայ 15 հոկտեմբերին` Սթոքհոլմի մրցաշարքին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 21 հոկտեմբեր:

Վերոնշեալ մրցաշարքէն ետք ան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Վալենսիայի եւ Փարիզի Մասթըրզներուն:

Ինչ կը վերաբերի տղոց աշխարհի ընդհանուր դասաւորման, որ հրապարակուեցաւ երէկ, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ, ան 635 կէտով կը գրաւէ 59-րդ դիրքը:

Պարագլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի սերպ Նովաք Տիոքովիչ, որ իր տրամադրութեան տակ ունի 9910 կէտ:

8920 կէտով 2-րդ դիրքը կը գրաւէ զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր, մինչ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ 6840 կէտով կ՛ամբողջացնէ աշխարհի լաւագոյն եռեակը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )