Հայաստան – Իտալիա Զտումի Տոմսերուն Գինը Նուազեցնելու Խնդրանքով Հայ Համակիրները Կը Դիմեն Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին

Հրազդան մարզադաշտը

2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Եւրոպայի գօտիին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, յառաջիկայ 12 հոկտեմբերին կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ Հրազդան մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Իտալիան:

Երէկ այս մրցումին տոմսերը սկսան ծախուիլ 3000, 5000, 7000 եւ 10000 դրամ սակագինով:

Հայ համակիրներուն մէկ մասին կարծիքով, այս մրցումին տոմսերուն գինը իրենց համար անմատչելի է:

Այս իրականութենէն մեկնելով` անոնք նամակով մը դիմեցին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին, կը տեղեկացնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:

Ստորեւ` այդ նամակին բովանդակութիւնը.

«Քանի մը տարի առաջ, Հայաստան – Թուրքիա մրցումը մեծ իրարանցում յառաջացուց, եւ կ՛ակնկալուէր, որ Հրազդան մարզադաշտը ամբողջութեամբ կը լեցուի: Դժբախտաբար այդ մէկը տեղի չունեցաւ, որովհետեւ տոմսերուն գինին անմատչելիութեան պատճառով մարզադաշտին թրիպիւնները ամբողջութեամբ չլեցուեցան:

«Այժմ այն մտավախութիւնը կայ, որ 12 հոկտեմբերին այդ պատկերը կրկնուի եւ մեր ազգային հաւաքականը զրկուի մեր հզօր աջակցութենէն:

«Դուք բազմիցս նշած էք, որ տոմսերուն այս բարձր գինը պայմանաւորուած է միջազգային պարտաւորութիւններով եւ քիչ մը աւելի մատչելի չի կրնար ըլլալ:

«Սակայն դրացի Վրաստանի մէջ, որ միջազգային նոյն պարտաւորութիւնները ունի, իր դաշտին վրայ կատարելիք մրցումներուն ընթացքին տոմսակները աւելի աժան կը ծախէ, քան մեր մօտ:

«Կը խնդրենք, որ ընդառաջէք մեր պահանջին, վերստին անգամ սերտէք տոմսերուն գինը նուազեցնելու հարցը, որպէսզի 12 հոկտեմբերին բոլորս միասին ըլլանք մեր հաւաքականին կողքին»:

 

Share this Article
CATEGORIES