Բազկամարտ. Էմիլ Ամիրշատեան` Աշխարհի Ախոյեան

Tert.am լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ նախորդ շաբաթավերջին, Ուքրանիոյ Եալթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած բազկամարտի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը ներկայացնող Էմիլ Ամիրշատեան գերազանցելով բոլորը գրաւեց առաջին դիրքը:

Ան այսպիսով դարձաւ Հայաստանի առաջին ներկայացուցիչը, որ ոսկի մետալի կը տիրանայ բազկամարտի ախոյեանութեան:

Tert.am կ՛եզրափակէ նշելով, որ իր այս տեղեկութիւնը ստացած է Հայաստանի Բազկամարտի երիտասարդներու ֆետերասիոնի նախագահ Արտաւազդ Նալբանդեանէն:

 

Share this Article
CATEGORIES