Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Գ. Դասակարգի Եւ Տարիքային Ախոյեանութեան Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը
Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ այսօր` երեքշաբթի, 25 սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանին վիճակաձգութիւնը:
Ապա, յետմիջօրէի ժամը 14:30-ին, անոր պիտի յաջորդէ տարիքային ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ֆետերասիոնը Գ. դասակարգի եւ տարիքային ախոյեանութեան մասնակցող խումբերը, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողները հրաւիրեց այս վիճակաձգութեան ներկայ գտնուելու:
CATEGORIES Մարզական

