Իլհան Սելչուք Կը Թաքցնէր Իր Մօր Հայ Ըլլալը…
Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը արձագանգ հանդիսացաւ այն բանավէճին, որ ծայր առաւ լրագրող Հասան Ճեմալի նորատիպ գիրքին պատճառով: Ճեմալ իր գիրքին մէջ այն տեսակէտը կը պաշտպանէ, թէ «Ճումհուրիյէթ»-ի երկարամեայ խմբագրապետ եւ հրապարակագիր Իլհան Սելչուք կը թաքցնէր իր մօր հայ ըլլալու իրողութիւնը:
Գրագէտ-լրագրող Հասան Ճեմալի նորատիպ գիրքը, որ անցեալ շաբաթ հրապարակ հանուեցաւ, կը կրէ «1914. Հայոց ցեղասպանութիւն» խորագիրը եւ օրակարգի կը բերէ անծանօթ նոր տեղեկութիւն մը: Ճեմալ կը գրէ, որ Իլհան Սելչուքի մայրը հայուհի էր, սակայն ան երբեք չէ խօսած այդ մասին ու գաղտնի պահած է ատիկա:
«Ես 2010-ին, Սելչուքի մահէն քանի մը օր առաջ է, որ տեղեկացայ այդ մասին», կը գրէ Հասան Ճեմալ: Ճեմալի գիրքին մասին գրախօսական մը ունէր Մուրատ Սապունճու, որ մեկնելով նորատիպ գիրքէն` կը գրէր, թէ` «անոր` Իլհան Սելչուքի կեանքի մէջ ալ կար նիւթ մը, զոր Սելչուք «գաղտնի կը պահէր բոլորէն». ատիկա իր մօր հայ ըլլալն էր»:
«Ռատիքալ» կը մէջբերէ Մուրատ Սապունճուի խօսքերը ու այսպէս կը շարունակէ իր տեղեկատուութիւնը.
«Սելչուք թերեւս իրաւացի էր: Չէ՞ որ այս հողերուն վրայ, բացի թուրք ըլլալու ինքնութենէն` շատ դժուար է այլ ինքնութեամբ մը ապրիլ: Այնպէս ցոյց կը տրուի, թէ այս հանրապետութեան տէրը բովանդակ Թուրքիոյ բնակիչները չեն, այլ որոշ հատուած մըն է: Այլ ինքնութիւններ հեռացուած են, թշնամութեան թիրախ նկատուած ու նոյնիսկ սպաննուած են: Իլհան Սելչուքի մօր` Հիքմեթ-Քասըմ հանըմի հայ ըլլալու մասին առաջին անգամ գրած էր գրագիտուհի Էմինէ Ուշաքլըկիլ, «Իմ հանրապետութիւնը» խորագրեալ գիրքին մէջ: Եալչըն Քիւչիւքն ալ ատկէ մեկնելով` 8 մայիս 2011-ին «Էմինէ՛մ» անուն յօդուածին մէջ կը հաստատէր լուրը ու կը գրէր. «Էմինէ գաղտնիք մը կը բացայայտէ, Իլհան Սելչուքի մայրը հայուհի էր եւ ան այդ մասին սորված էր Կիւլչին Չայլըկիլէն: Կիւլչին եւ Իլհան մանկութեան ընկերներ էին եւ Կիւլչին կը պատմէ, որ Իլհան «Ռոզ թէյզէ» կը կանչէր իր մօրաքոյրը»:
Վերջերս լրագրող Օրհան Քարաւելի գրեց Իլհան Սելչուքի կենսագրականը` նշելով, թէ չի հաւատար Սելչուքի մօր հայ ըլլալու մասին պնդումներուն:




