Եգիպտոս Սուրիոյ Մէջ Զինուորական Միջամտութիւնը Կը Մերժէ. Մըքտատ Կոչ Կ՛Ուղղէ Արաբական Ծոցի Երկիրներն Ու Թուրքիան Ահաբեկչութեան Աջակցող Երկիրներու Ցանկին Վրայ Դնելու

Ֆայսալ Մըքտատ

Քաթարի վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի լուծման այլընտրանքային ծրագիր մը, որ Սուրիոյ վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի մը ստեղծումը, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ կամ անկէ դուրս գտնուող սուրիացի ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութեան ծաւալի յաւելում կ՛ընդգրկէ:

Շէյխ Համատ «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «կը կարծենք, թէ տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու կարելիութիւնը ունինք»: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երկրին մէջ տիրող ներկայ կացութեան դիմակայման մէկ ընտրանք ունի, որ այս պատերազմէն յաղթական դուրս գալու համար իր ժողովուրդը սպաննելն է»:

Քաթարի վարչապետը աւելցուց, որ «գիտեմ, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ ընտրութիւններ տեղի կ՛ունենան, սակայն կը յուսամ, որ ամերիկեան վարչակազմը սուրիական կացութեան այդ ընտրութենէն այլ տեսանկիւնէ նայի, իսկ ես զինուորական միջամտութեան չեմ ակնարկեր», սակայն անհրաժեշտ է «կարգ մը միջոցառումներ որդեգրել»:

Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսի Սուրիոյ մէջ զինուորական օտար որեւէ միջամտութեան իր ընդդիմութիւնը յայտարարեց` վստահեցնելով, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութենէն հեռացման կը զօրակցի:

Մուրսի ամերիկեան «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Եգիպտոսէն, Իրանէն, Սէուտական Արաբիայէն եւ Թուրքիայէն կազմուած քառեակի դիւանագիտական ջանքերը կրնան 18 ամիսէ ի վեր Սուրիոյ մէջ շարունակուող քաղաքացիական պատերազմին դադրեցման նպաստել»:

Մուրսի ընդգծեց, որ «կ՛ընդդիմանամ Սուրիոյ դէպքերուն օտար ուժային որեւէ միջամտութեան եւ անոր չեմ աջակցիր. կը կարծեմ, որ եթէ այդ միջամտութիւնը տեղի ունենայ, մեծ սխալ մը պիտի ըլլայ. Եգիպտոս ատոր համաձայն պիտի չըլլայ»:

Եգիպտոսի նախագահը աւելցուց, որ «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ հեռանալէ բացի այլընտրանք չունի, իսկ քաղաքական բարեփոխումները բացառուած են, որովհետեւ ժողովուրդը փոփոխութեան կը ձգտի եւ պէտք է անոր կամքը յարգել»` շեշտելով, որ «ամէնէն կարեւորը տեղի ունեցող արիւնահեղութեան դադրեցումն է»:

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ իր կարգին «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշեց, որ «սուրիական կառավարութիւնը «իշխանութեան փոխանցում» եզրը չ՛օգտագործեր», այլ` բոլոր սուրիացիներուն մասնակցութեամբ, սուրիական ղեկավարութեան հովանաւորութեամբ եւ սուրիացի ժողովուրդին աջակցութիւնը վայելող համապարփակ ազգային երկխօսութեան կայացումով կը զբաղի»:

Ան ըսաւ, որ սուրիական կառավարութիւնը երկխօսութեան առջեւ դուռը կը բանայ` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ իշխանութեան փոխանցում չկայ, այլ` Սուրիոյ ղեկավարութեան հովանաւորութեան տակ բոլորը ներառող երկխօսութեամբ կը զբաղինք»:

Մըքտատ յայտնեց, որ «Արաբական ծոցի երկիրներն ու Թուրքիան աշխարհի բոլոր ահաբեկիչները, ներառեալ` Քայիտան Սուրիա կ՛ուղարկեն»: Ան պահանջեց «այդ երկիրները աշխարհի վրայ ահաբեկչութեան աջակցող երկիրներու ցանկին վրայ դնել»: Ան նաեւ ըսաւ, որ սուրիական քաղաքներու ռմբակոծման պատասխանատուները սուրիական իշխանութիւնները չեն, այլ` «ահաբեկչական խմբակները»:

«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Տումայի պաշտպանութեան յանձնախումբի նախագահ Վլատիմիր Քոմոյետով զգուշացուցած է լիպիական փորձառութիւնը Սուրիոյ մէջ կրկնելու վտանգներէն: Ան ըսած է, որ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը «շատ լարուած է»` զգուշացնելով այդ երկրին մէջ արտաքին միջամտութեան հետեւանքներէն:

Ան կոչ ուղղած է «արիւնահեղութեան դադրեցման անմիջական եւ ազդու միջոցառումներ որդեգրելու»` քննադատելով արեւմտեան պետութիւնները, որոնք սուրիական ընդդիմութիւնը զինելով ու ֆինանսաւորելով տագնապը կը հրահրեն:

Քոմոյետով Սուրիոյ շուրջ Ժընեւի համաձայնութեան կառչելու եւ տագնապին առնչակից կողմերը բռնարարքներէ հրաժարելու ու բանակցութեան սեղան նստելու համոզելու կարեւորութիւնը շեշտեց:

Միւս կողմէ, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ աւելի քան 20 վիրաւոր արձանագրուած է, երբ Դամասկոսի «Նահատակներու զաւակներ»-ու դպրոցին մէջ երկու ականներու պայթումին պատճառով: «Ռաշա Թուտէյ» կը տեղեկացնէ, որ պայթումը տեղի ունեցած է Դամասկոսի օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող դպրոցներէն մէկուն շէնքին մօտ, որ ներկայիս Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան եւ կառավարամէտ զինեալներու համար իբրեւ զօրանոց կ՛օգտագործուի: Իսկ զոհերու շարքին կան զինուորներ եւ խաղաղ բնակիչներ:

Մինչ այդ, իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, որ Սուրիայէն արձակուած հրասանդի շարք մը հրթիռներ Սուրիոյ կառավարական ուժերու եւ Սուրիական ազատ բանակի միջեւ բախումներու ընթացքին Կոլանի բարձունքներ հասած են, սակայն մարդկային կամ նիւթական վնասներ չեն պատճառած:

Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ղեկավարներէն Մըլհեմ Տարուպի հերքեց այն լուրը, թէ կազմակերպութիւնը իրանցի պաշտօնատարներու հետ հանդիպումներ ունեցած է` վստահեցնելով, որ Իսլամ եղբայրները իրանեան կողմէն, թուրք միջնորդի մը միջոցով փոխանցուած, սուրիական տագնապի քննարկման համար երկխօսութեան առաջարկներ 6 անգամ մերժած են: Ըստ անոր, իրանեան կողմը 6 անգամ հանդիպում  առաջարկած է` առանց հանդիպումին օրակարգը եւ նիւթերը բացայայտելու, սակայն Իսլամ եղբայրները պատասխանած են, որ նախքան իրանեան կողմի` Ասատի աջակցութեան դադրեցումը, անոնց հետ հանդիպում կամ երկխօսութիւն պիտի չունենան:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ Իսլամ եղբայրներու ընդհանուր հսկիչի տեղակալ Ֆարուք Թայֆուրի որդին` Պիլալ Թայֆուր «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ սուրիական տագնապի լուծման համար վերջերս իրենց կազմակերպութեան եւ իրանցի պաշտօնատարներու միջեւ թուրք միջնորդի մը միջոցով 6 հանդիպում տեղի ունեցած է` հերքելով բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի այն յայտարարութիւնը, թէ հանդիպումները Իրանի մէջ տեղի ունեցած են:

Նշենք, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ եւ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբով մեկնեցան Նիւ Եորք` մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բացման իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը օրէ օր կը վատթարանայ, իսկ այս տագնապը այլեւս Սուրիայով սահմանափակուած չէ, այլ` շրջանային տագնապի եւ միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան լուրջ սպառնալիքի վերածուած է»:

Share this Article
CATEGORIES