Մաշտոցի Զինուորագրեալներու Շարքերը Ինչո՞ւ Տակաւ Կը Նօսրանան (Կրթական Խորհրդածութիւններ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Վերամուտի առաւօ՜տը:

Տարբեր է ան իր բնորոշելի յատկութեամբ եւ բնութենական գրաւչութեամբ: Սովորական թաւալք մը չէ անիկա մարդկային կեանքին առնչուող, ո՛չ ալ սոսկ ժամանակին հետ քայլ պահելու արարք մը, որով կ՛ուրախանան աշակերտներ, ծնողներ, դասատուներ ու կրթական մարմիններ, այլեւ ան իր մէջ կը պարփակէ խորախորհուրդ արժանիքներ, հայ հոգիի ու մտքի պաշտպանութեան լծուած դիմադրողական տարրեր, ազգային ներշնչող խայծեր ու դէպի ապագայ հայող ստորոգելիներ:

Աւելի՛ն. հայ վարժարանի կրթական վերամուտի առաւօտը յոյսի եւ լոյսի, հաւատամքի ու համոզումի, ինքնութեան ու տեսլականի, գիտութեան, զարգացման ու յառաջդիմութեան, պատկանելիութեան ու պատասխանատուութեան, ծառայութեան ու նուիրումի, ազգավայել աշխատանքի ու արժանապատուութեան պահպանումի ծաղկաստանն է: Հայկական վարժարանը հոտաւէտ բոյրերով պարուրուած եւ հայկականութիւն սնուցող երդիք է, որ իր իւրայատուկ տարածութեամբ եւ խորքով, կառոյցով եւ միջավայրով կը հանդիսանայ այն վայրը, ուր կը տողանցեն նախնեաց ոգեկան ջերմութիւնն ու յիշողութիւնը բոցավառող հայերէնի դասագիրքեր ու դասապահեր, որոնք  կոչուած են ըլլալու հայ կամքի բացառիկ վահանները:

Միւս կողմէ, կրկին անգամ յիշեցնե՞լ է պէտք որ գեղեցիկին ու վեհին արժանաւորապէս հասանելի դարձնող ճանապարհն է հայկական վարժարանը, դարերու փորձութիւններուն դէմ դիմակայելու իր պատմութեամբ լիացած եւ կարողականութեամբ շիկացած` իբրեւ հայոց պատմութեան եւ մայրենիին պաշտպան անփոխարինելի կռուան ու ապաւէն:

Շարունակե՞նք:

Աշխարհասփիւռ հայութեան համար եւ ընդհանրապէս հայահոծ գաղութներու մէջ, ուր կը գործեն նաեւ հայկական վարժարաններ, վերամուտի առաւօտը կը զգենու տարբեր հմայք, արարչական հոգեթով իմաստ, յաղթանակի վայելք մը, հայաշունչ միջավայր մը, ուր հասակ պիտի առնեն կենսուրախ եւ հպարտ ժպիտներով յագեցած նորափթիթ սերունդներ, հայ ներաշխարհի ու դիմագիծի պաշտպան ժառանգորդներ:

Անցնինք:

Յաճախ մեր շրջապատին կողմէ լսելի դարձող հարցադրում մը կ՛արժէ մեր մտքի պաստառին վրայ ուրուագծել ու հաստատօրէն պատասխանել անոր:

Միթէ օտար վարժարանները տարբե՞ր մթնոլորտի եւ ուսուցման միջավայրեր են, որոնց նկատմամբ վերապահութիւններ ունի՛նք եւ մի՛շտ պիտի ունենանք, եւ կամ անոնց կրթական վերամուտը ինչո՞վ կը տարբերի հայկականէն, իրենց պէս-պէս կարգախօսներո՞վ թէ՞ կարմրախայտի ու հիւրամեծար խօսքերով:

Այս առումով անվարան հաստատե՛նք, որ հայկական վարժարանի կրթական վերամուտը ո՛չ միայն տուեալ հաւաքականութեան մը կը վերաբերի, այլեւ անիկա մարտնչող ազգի մը յաղթանակներուն օրրանն է, իր քրիստոնէական հաւատամքով եւ Մեսրոպաւանդ առաքելութեամբ:

Փակագիծ մը:

Եթէ պահ մը ընդունինք, եւ խորքին մէջ այդպիսին է, որ հայկական վարժարանին վերապահուած առաքելութիւնը անփոխարինելի է հայ ինքնութեան պահպանումին, սերունդներու նկարագիրի կերտումին, գիտութեան ջամբումին եւ առհասարակ մարդկայնօրէն կազմաւորումին տեսակէտէ, ապա աւելորդ է շեշտել ամէն քայլափոխի, թէ հարկ է, որ հայ մանուկը իր մայրենին սկսի բարբառել հայ կրթական օճախի մը երդիքին տակ:

Այլ հարց, թէ ժամանակներու թաւալքին զուգահեռ տուեալ կառոյցն ու կրթական համակարգը ինչպիսի՞ ձեւեր կ՛որդեգրէ` քայլ պահելու համար արդի կեանքի պահանջներուն` ինքնասրբագրումի (մեթոտաբանութեան), որակաւորման (ուսուցիչներու մակարդակի), արհեստագիտական նուաճումներու օգտագործումին եւ հեռահայեաց ազգային առաջադրանքներու յանձանձումին:

Ի դէպ, հաւանաբար ըսուի, եթէ ուշացած չենք, թէ ա՛լ ընդհանրական խօսքերու թէ մտածումներու շքերթէն պէտք է ազատիլ եւ թափանցել այն դրդապատճառներուն խորքը, թէ ինչո՛ւ տակաւ կը նօսրանան հայ գիրի ու գրականութեան, արուեստի ու մշակոյթի, պատմութեան ու ոգեկան արժէքներու հաւատացող փաղանգներու թուաքանակը, այլապէս ալ` բնական է դարձած հայ մանուկի դէպի օտար վարժարան ուղարկելու ծնողական մօտեցումն ու պատրաստակամութիւնը:

Առանց վիճակագրական տուեալներու իսկ, կարելի է հաստատել օտար վարժարան յաճախող հայ մանուկներու թիւի աճը,  յատկապէս վերջին տասնամեակին, որուն նկատմամբ գաղութահայութիւնը եթէ ցարդ չէ որդեգրած որոշակի քաղաքականութիւն եւ գործընթաց, գէթ պէտք է, որ բարձրագոռ հնչեցնէ անոր վերահաս վտանգը:

Հոս աւելորդ է ընդգծել, թէ ազգային ինքնաճանաչումի պակասը, պատկանելիութեան զգացողութեան խամրումը եւ տեղայնամտութեամբ վարակուելու երեւոյթը, պատուհաս են դարձած եւ առաւել կլանած առհասարակ հայ նորահաս սերունդի յուզաշխարհն ու առօրեան, ուր զգալի են աշխարհաքաղաքացիական միտումներն ու համոզումներ, եւ մասամբ նորին:

Եթէ երբեք կը շեշտենք կրթական վերամուտի առաւօտուն վրայ, խորքին մէջ արձանագրել կ՛ուզենք, թէ տարուէ տարի կը նուազի հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւը, ինչ որ հետագային մեզ` հաւաքաբար պիտի մատնէ անել կացութիւններու, ազգային կեանքի հունաւորման տեսակէտէ:

Նաեւ նշելին կը մնայ այն, թէ իւրաքանչիւր կրթական վերամուտի հետ, արդեօք պատկան մարմիններ թէ հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուութիւն ստանձնած դաստիարակներ, ինչպիսի՞ նորարար մտայղացումներ թէ մօտեցումներ կը բերեն սոսկական դասաւանդումներու առընթեր` վառ պահելու հայ ոգիի բոցավառումն ու ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը:

Բնականաբար, որ հայկական վարժարանին վերապահուած առաքելութեան ծիրին մէջ, նաեւ կրթական համակարգի բարելաւումն ու զարգացումը հրամայական պահանջներ են, ուսուցիչներու վերաորակաւորումը աւելի քան անհրաժեշտ, կառոյցի նորոգութիւնն ու առհասարակ շէնացումը միշտ ակնկալելի, արհեստագիտական նուաճումներու օգտագործումը այլեւս անյետաձգելի, իսկ հայ դիմագիծի ու ներաշխարհի կենսաւորման նպաստող առաջադրանքներու պայծառացումը` անխուսափելի:

Այսուամենայնիւ, զգալի է, որ հայ իրականութեան մէջ օրըստօրէ ինքզինք պարտադրող մտահոգութիւնը, աւելի՛ն. գոյութենական մեր կեանքին սպառնացող պատուհասը` նորահաս սերունդներու հայութենէ հեռանալու երեւոյթն է, խառն ամուսնութիւններու թէ օտարամոլութեան իբրեւ հետեւանք, ու մասնաւորաբար` դէպի օտար վարժարաններու հոսքը:

Յայտնապէս, եթէ երբեք վերեւ յիշուած հարցադրումին մեր կողմէ պատասխանը միանշանակ է ու աներկբայ` ինչ կը վերաբերի օտար վարժարան յաճախելու երեւոյթին, ապա, միւս կողմէ շեշտադրելին կը մնայ այն, թէ ազգային մակարդակի թէ գաղութահայ իրականութեան մէջ, ինչո՛ւ յամեցող են անճառակ ու ապիկար վարքագիծերը, հնաբոյր միջոցառումներն ու ժամանակավրէպ մօտեցումները, որոնք աւելի եւս կը խորացնեն ազգային ցաւերն ու մտահոգութիւնները:

Մտածա՞ծ ենք բնաւ, որ արդի ժամանակներու մէջ ապրող նոր հայը իր մտայնութեամբ եւ ապրելակերպով պէտք ունի նոր հերոսներու, զինք հասկցող եւ քաջալերող հաւաքականութիւններու, փոքրոգութեամբ վարակուած անհատներու փոխարէն զինք ունկնդրող հարազատներու, իր ակադեմական մտածումներուն թէ արհեստավարժ ունակութիւններուն վայելքը ապրող շրջապատի մը, հարցերը նորովի ընկալելու պատրաստակամ առաջնորդներու, հայրենապաշտութեամբ տոգորուած պատասխանատուներու, ապագայատեսիլ մտայղացումներու պարարտ հող հանդիսացող միջավայրերու եւ յեղաշրջող միտքերու առաւել պայծառացումին:

Այլ խօսքով, ի տես ազգային կեանքին մէջ վարանոտ եւ կրաւորական վարքագիծերու յամեցումին, մանաւանդ այս օրերուն, երբ նորահաս սերունդին համար այլեւս չկան սահմանափակումներ` նկատի ունենալով արհեստագիտութեան ու ճարտարարուեստի նուաճումները, արդի կեանքի ընձեռած կարելիութիւններն ու յառաջընթացը, արեւմտեան կողմն աշխարհէն բերուած ազատականութեան եւ նիւթականացած կեանքի բնորդ տարբերակը, փորձ կը կատարե՞նք գէթ մասնակի փոփոխութիւններու, մարդուժի օգտագործման թէ ազգային կեանքը զօրաշարժի ենթարկելու:

Թէ՞ յորդորներու եւ աւետիսներու յորձանուտին տարուած, ճիգ կը թափենք ինքնարդարացման, խռպոտ ձայներու յայտնաբերումին եւ արդի մտայնութիւններու դէմ պատուաստումին:

Երանելութեամբ առաջնորդուելու փոխարէն զա՛րկ տանք յեղաշրջող վարքագիծերու յանձանձումին եւ արհեստավարժութեամբ յագեցած առաջադրանքներու որդեգրումին, որպէսզի այսօրուան ու վաղուան սերունդներու նշաւակ չդառնանք:

Փաստօրէն, ի՛նչ բանի կը ծառայեն կրթական համակարգերն ու կառոյցները, երբ անոնց զլացուած է արդիական շունչով ապրելու իրաւունքը, հինը նորով փոխարինելու պատրաստակամ ընթացքն ու առանց հոսհոսութիւններու կամքի դրսեւորումը:

Բա՛ւ է այլեւս երկուութիւններու շպարին անձնատուր ըլլալ եւ ողբալ ամէնօրեայ կորուստներու հեքիաթը, պէտք է արիաբար լծուիլ ոգեշնչող արարքներու կենսագործումին:

Մեսրոպ Մաշտոցի հրաշափառ ու ազգակերտ քաջութիւնը արժանի է անմնացորդ պաշտամունքի, սակայն իբրեւ անոր հարազատ զինուորագրեալներ, յանդգնութեան ինչպիսի աստիճանաչափ ցոյց կու տանք  նորովի հերոսագրութիւններու պատուանդանը ամրապնդելու, ժողովրդանուէրի ու հայրենապաշտի գիտակցութենէ թելադրուած:

Եթէ երբեք արժանին կ՛ուզենք մատուցել մեր նախնեաց, ապա շուտափոյթ կերպով լծուինք ստեղծագործ ու նպատակասլաց ազգային կրթական համակարգերու ստեղծումին` ազգային մակարդակի վայելչութեամբ:

Պարզապէս պէտք է համոզուիլ:

 

Share this Article
CATEGORIES