Այն Հելուէի Մէջ Կ՛արձանագրուի Անհատական Միջադէպ Մը
Պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ երէկ արձանագրուեցաւ անհատական միջադէպ մը, երբ պաղեստինցի Մոհամետ Համատէ յարձակում մը գործեց գաղթակայանին մէջ գտնուող ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի տնօրէնին գրասենեակին վրայ:
Սակայն զինեալ բախումները սկսան, երբ որոշ կողմեր ուղղուեցան Համատէն ձերբակալելու եւ անոնք բախեցան Համատէի ընկերոջ` Թահան Սալամէի, որ զինեալ էր:
Զինեալ բախումներուն պատճառով արձանագրուեցաւ վիրաւոր մը, որ ծանր վիճակի մէջ է:
Լիբանանի մէջ պաղեստինեան ազգային ապահովութեան պատասխանատու Սուպհի Ապու Արապ շեշտեց, որ Այն Հելուէի մէջ արձանագրուած միջադէպը անհատական է, եւ արդէն իսկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարուած են` զսպելու համար կացութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

