Միքաթի-Հոլլանտ Հանդիպում` Նիւ Եորքի Մէջ
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին այսօր պիտի արտասանէ Լիբանանի խօսքը, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Հոլլանտ հաստատեց, որ Ֆրանսա կառչած պիտի մնայ Լիբանանի միասնականութեան, անկախութեան եւ գերիշխանութեան:
Ֆրանսայի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ հանգրուանը դժուար է` գնահատելով վարչապետ Միքաթիի ու անոր կառավարութեան ջանքերը` պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:
«Ֆրանսա պիտի շարունակէ զօրակցիլ Լիբանանին, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսական զօրամասին աշխատանքներուն ընդմէջէն», ըսաւ Հոլլանտ:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին նեցուկ կանգնելու նպատակով Ֆրանսայի ի գործ դրած քաղաքական ջանքերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին յատկացուցած անոր մնայուն զօրակցութեան համար: Ան մաղթեց, որ Լիբանանի ու Ֆրանսայի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւնները բարելաւուին:
Միքաթի եւ Հոլլանտ համաձայնութիւն մը գոյացուցին մօտիկ ապագային Փարիզի մէջ ունենալու երկրորդ հանդիպում մը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ` ներկայութեամբ լիբանանեան պատուիրակութեան:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-պաղեստինեան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն կացութիւնն ու պաղեստինեան դատին ներկայացուցած այժմու վիճակը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի իր կեցութեան վայրին մէջ ընդունեց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիանը, որուն հետ քննարկեց Միջին Արեւելքի զարգացումներն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի դարձաւ Քաթարի իշխան շէյխ Համատ պըն Խալիֆա Ալ Թանիի ընթրիքի հիւրը: Քննարկուեցան միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:



