Նիւ Եորքի Մէջ Միքաթի Հանդիպումներ Ունեցաւ Քի Մունի Եւ Տարբեր Երկիրներու Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ

Միքաթի եւ Քի Մունուն

Կը նախատեսուէր, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէս գիշերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին արտասանէր Լիբանանի խօսքը, որուն մէջ ան պիտի շեշտէր, որ Լիբանան յանձնառու է Սուրիոյ տագնապին նկատմամբ իր չէզոք կեցուածքին, ինչպէս նաեւ պիտի ընդգծէր, որ ինք անշեղ կը մնայ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութենէն:

Վարչապետ Միքաթի միջազգային ընտանիքէն պիտի պահանջէր նաեւ նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել Լիբանան ժամանած սուրիացի գաղթականներուն, որոնք մեծ թիւ մը կը հաշուեն եւ Լիբանանի կառավարութեան կարողութիւնները չեն ներեր գոհացնելու անոնց տարրական կարիքները:

Արաբեւիսրայէլեան տագնապին ծիրին մէջ վարչապետ Միքաթի իր խօսքին մէջ պիտի շեշտէր, որ Լիբանան կառչած կը մնայ ժողովուրդներուն արդար իրաւունքին հատուցման, հետեւաբար կը մերժէ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` հաւատալով տունդարձի անոնց արդար իրաւունքին:

Վարչապետ Միքաթի նաեւ պիտի ընդգծէր, որ այս ծիրին մէջ Լիբանան անդրդուելի կը մնայ իր սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին:

Վարչապետ Միքաթի նկատել պիտի տար նաեւ, որ լիբանանեան բանակը կը գործակցի հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն հետ եւ յանձնառու է այդ գծով տրուած միջազգային բանաձեւերուն եւ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին:

Միւս կողմէ, վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ` ներկայութեամբ Քի Մունի աշխատանքային անձնակազմի եւ լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր, Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ եւ ՄԱԿ-ի մէջ Լիբանանի մնայուն դեսպան Նաուաֆ Սալամ:

Հանդիպումին ընթացքին Քի Մուն մտահոգութիւն յայտնեց Սուրիոյ մէջ կացութեան վատթարացումէն` շեշտելով, որ ան կրնայ իր ազդեցութիւնը ունենալ Լիբանանի վրայ` նկատի ունենալով, որ անոնք սահմանակից երկիրներ են:

Քի Մուն բարձր գնահատեց Լիբանանի կառավարութեան որդեգրած չէզոք կեցուածքը` Սուրիոյ տագնապէն, ինչպէս նաեւ ողջունեց ազգային երկխօսութիւնը, որ կը շարունակուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի նախագահութեամբ:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը ընդգծեց հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը:

Իր կարգին, Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան կը յարգէ ՄԱԿ-ի ուխտը, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութեան իմաստով իր պարտաւորութիւնները:

Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ իր նպատակն է Լիբանանը անջատել շրջանին զարգացումներէն, որպէսզի ան կարենայ պահպանել իր դիմադրողականութիւնը եւ չազդուի Սուրիոյ տագնապէն:

«Մենք կը փափաքինք Սուրիոյ մէջ խաղաղ լուծում մը գոյացնել եւ բռնարարքներուն ու արիւնահեղութեան վերջ մը տալ: Հետեւաբար մենք կը զօրակցինք Լախտար Իպրահիմիի առաքելութեան եւ բոլոր երկիրներէն կը խնդրենք զօրակցիլ անոր պարտականութեան», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի ընդգծեց նաեւ, որ Լիբանան կառչած կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան, ինչպէս նաեւ պահանջեց ճնշում բանեցնել Իսրայէլի վրայ, որպէսզի ան իր կարգին յարգէ այդ բանաձեւը եւ վերջ տայ ամէնօրեայ դրութեամբ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իր գործած ոտնձգութիւններուն:

Նիւ Եորքի մէջ վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Կիպրոսի նախագահ Տիմիթրիս Խրիսթոֆիասի հետ: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, յատկապէս ծովային սահմանագծումը կատարելու անհրաժեշտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի Խրիսթոֆիասէն խնդրեց, որ Կիպրոս իբրեւ Եւրոպական Միութեան ներկայ նստաշրջանի նախագահ զօրակցի Լիբանանի վերաբերող հարցերուն:

Խրիսթոֆիաս յայտնեց, որ Կիպրոս մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի Լիբանանի` աւելցնելով, որ այդ երկիրներուն ճակատագիրը մէկ է եւ անոնք կը շարունակեն գործակցիլ գրեթէ բոլոր մարզերուն մէջ:

Վարչապետ Միքաթի իր հանդիպումներուն ծիրին մէջ լիբանանեան եւ եգիպտական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները քննարկեց Եգիպտոսի նախագահ Մոհամետ Մուրսիի հետ:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ Լիպիոյ ազգային համագումարի նախագահին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի հարց տուաւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն ճակատագիրին բացայայտման հետաքննութիւններուն արդիւնքներուն մասին: Միքաթի պահանջեց անյապաղ աշխատիլ բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Քաթարի եւ Քուէյթի վարչապետներուն, Թուրքիոյ եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն, ինչպէս նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ:

Նշենք, որ վարչապետը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ եւ անոր փոխանցեց Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )