Ընդհանուր Դատախազը Ազգային Ժողովին Կը Ներկայացնէ Օսկանեանը Իբրեւ Մեղադրեալ Ներկայացնելու Միջնորդագիր. Օսկանեան. «Ասիկա Քաղաքական Պատուէր Է»

Հայաստանի ընդհանուր դատախազ Աղուան Յովսէփեան Ազգային ժողովին ներկայացուց միջնորդագիր` Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանին Հայաստանի կառավարութեան զուգահեռ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութեան վարոյթին մէջ քննուող քրէական գործով իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու համաձայնութիւն տալու մասին:

«Փաստինֆօ» այս տեղեկութիւնը ճշդեց Հայաստանի ընդհանուր դատախազի մամլոյ քարտուղար Սոնա Տռուզեանէն, ըստ որուն` միջնորդագիրը երէկ ուղարկուեցաւ: Անոր մէջ գրուած է Օսկանեանը իբրեւ մեղադրեալ ներգրաւելու մասին: Խափանման միջոցի հարց չի բարձրացուիր:

Նշենք, որ օրեր առաջ «Հրապարակ»-ը գրած էր Օսկանեանի հարցով Ազգային ժողովի միջնորդագիր ներկայացնելու կարելիութեան մասին, սակայն այն ժամանակ Սոնա Տռուզեան «Երկիր»-ի թղթակիցին յայտնած էր, որ դատախազի հաւանական միջնորդութեան մասին տեղեկատուութեան ինք չի տիրապետեր:

Յայտնենք, որ 27 սեպտեմբերին Հայաստանի վերաքննիչ դատարանը մերժեց «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի բողոքը, որով կը պահանջուէր վերացնել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ 25 մայիս 2012-ին քրէական գործ յարուցելու մասին որոշումը, որ կ՛առնչուի հիմնադրամին եւ անոր հիմնադիր Վարդան Օսկանեանին: Աւելի կանուխ նոյն հարցը մերժած էր նաեւ առաջին ատեանի դատարանը: «Սիվիլիթաս» հիմնադրամի տնօրէն Սալբի Ղազարեան պատասխանեց գործին վերաբերեալ civilnet.am-ի հարցումներուն: Ան նշեց, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան որոշումը, որ սկիզբ դրաւ այս անհեթեթ հոլովոյթին, կը վերաբերէր դրամներու լուացման եւ կեղտոտ դրամներուն եւ կ՛ենթադրէր, որ «Սիվիլիթաս» հիմնադրամը եւ անոր հիմնադիր Վարդան Օսկանեան որոշ կերպով կապուած են այդ գործողութիւններուն: Սալբի Ղազարեան յայտնեց, որ իրենք թոյլ չտուին, որ այսպիսի անհիմն մեղադրանքներ զարգանան եւ այս պատճառով որոշման դէմ բողոք ներկայացուցին դատարան: Դիմուեցաւ ընդհանուր դատախազին` պահանջելով, որ անվաւեր ճանչցուին մեզի առնչուող քրէական գործի յարուցման հիմքերը:

Ղազարեան նշեց, որ Հայաստանի պետական կառոյցները պէտք է վերջ տան իրենց լիազօրութիւններու այսպիսի չարաշահումներուն: Ըստ անոր, չորս ամիսներ շարունակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը մարդուժ եւ ներուժ վատնեց հետաքննելու համար Օսկանեանը եւ «Սիվիլիթաս»-ը, փոխանակ զբաղէր Սաֆարովի հարցով: Ան ընդգծեց, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի համատարած փտտածութիւն, չարաշահումներ, արդեօք Օսկանեանն ու «Սիվիլիթա՞ս»-ն էին ազգային անվտանգութեան սպառնացողները:

Երէկ գիշեր Օսկանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ մասնաւորաբար նշեց. «Զիս պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկելու ընդհանուր դատախազի` Ազգային ժողովին ներկայացուցած միջնորդագիրը միանշանակօրէն կը նկատեմ քաղաքական պատուէր: Առաջին օրուընէ, երբ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յարուցեց քրէական գործը, ինծի համար պարզ էր, որ ասիկա քաղաքական պատուէր է, քանի որ յարուցուած գործը զուրկ էր որեւէ իրաւաբանական բովանդակութենէ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )