Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դ. Հանգրուանի Մրցակիցը` Չելսի
Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներէն ետք, որոնք տեղի ունեցան վերջին երկու օրերուն, կատարուեցաւ Դ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ չորս անգամ տիրացած է մրցաշարքին, Գ. հանգրուանին յաղթեց Նիւքեսըլի` 2-1 արդիւնքով: Անոր յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ Չելսի, որ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պոլթընը: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ Չելսիի դաշտին վրայ:
Լիվըրփուլի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ, Դ. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սուանզի Սիթին: Լիվըրփուլ իր տոմսը ապահովեց 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուեսթ Պրոմուիչի:
Նշենք, որ Դ. հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ 29 հոկտեմբերին:
Ստորեւ` վիճակաձգութիւնը.
Սանտըրլենտ – Միտըլզպորօ
Մուինտըն Թաուն – Ասթոն Վիլա
Ուիկըն Սթլեթիք – Պրետֆորտ
Լիծ Եունայթըտ – Սաութհեմփթըն
Նորուիչ Սիթի – Թոթենհամ Հոթցփըր
Լիվըրփուլ – Սուանզի Սիթի
Չելսի – Մանչեսթըր Եունայթըտ
Ռիտինկ – Արսենալ

