Ամանոսի Շրջանին Մէջ «Սողոմոն Թեհլիրեան» Վերանորոգուած Ակումբի Բացման Ժողովրդային Հանդիսութիւն

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին, երէկ` ուրբաթ, 28 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ամանոսի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ վերանորոգուած ակումբի բացումը:

Բացման խօսքը արտասանեց Սեդա Գրիգորեան: Ան նկատել տուաւ, որ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբը 1969-էն ի վեր կը շարունակէ իր առաքելութիւնը` իբրեւ շառաւիղը իր անուանատիրոջ դաւանած սկզբունքներուն եւ հաւատամքին: «Թեհլիրեան» ակումբը այսօր կը ներկայանայ ֆիզիքապէս նորոգ շունչով… այս ակումբը միայն ֆիզիքական շէնք չէ, այլ նաեւ գաղափարական հիմքերու վրայ բարձրացած բարոյական կառոյց մը, որուն վերանորոգման մէջ մեծ դեր ունինք մենք բոլորս», հաստատեց Սեդա Գրիգորեան:

Անի Թիմիճեան

Սեդա Գրիգորեան

Ձեռնարկի բարի գալուստի խօսքը արաբերէնով արտասանեց Մանօ Մարտիրոսեան, որ հաստատեց, թէ ակումբը հանդիպման վայր է եւ ապահով տունն է բոլորին: Ան նկատել տուաւ, որ ակումբը պատրաստ է օգտակար հանդիսանալու բոլորին եւ ծառայելու հայութեան` լուսաւոր ապագայի հեռանկարով:

ԼՕԽ-ի «Կարինէ» մասնաճիւղին անունով Անի Թիմիճեան եւս խօսք առնելով շեշտեց, որ բարերարներու գոյութիւնը կենսունակութիւն եւ աւիշ կը ներարկէ բոլոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն: «Նման նախաձեռնութիւն մեզի կը ներշնչէ այն ապահովութիւնը, թէ մենք կանք, պիտի մնանք եւ շարունակենք կուսակցութեան հովանիին տակ տանիլ ԼՕԽ-ի բարեսիրական գործունէութիւնը` դէպի նոր նուաճումներ», հաստատեց Ա. Թիմիճեան:

Մանօ Մարտիրոսեան

«Սողոմոն Թեհլիրեան կոմիտէին անունով Մանօ Մարտիրոսեան նկատել տուաւ, որ մեր ակումբները այն բնական միջավայրերն են, ուր ժողովուրդը կրնայ մեզի դիմել որեւէ ատեն, որովհետեւ ակումբին եւ ժողովուրդին միջեւ կապը անմիջական ու հոգեհարազատ է, եւ ակումբը միշտ պատրաստ է անխտիր հասնելու ժողովուրդին բոլոր կարիքներուն: Ան ընդգծեց, որ ժամանակին հետ քայլ պահելու համար անհրաժեշտ է ունենալ արդիական ակումբներ` օժտուած արդի յարմարութիւններով, աւելցնելով, որ 1969-ին հիմնուած «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբի վերանորոգման աշխատանքը կատարուեցաւ իբրեւ գործադրութիւն բարերար Սեդա Դեղարարեանի կտակին:

«Ինչ որ կը կատարուի այս ակումբին մէջ, մէկ փոքրիկ մասն է այն հսկայական աշխատանքին (հայապահպանութիւն, Հայ դատ, պահանջատիրութիւն), որ կը կատարուի այս գաղութին մէջ` շնորհիւ մեզ բոլորս համախմբող դաշնակցական ընտանիքին», հաստատեց Մանօ Մարտիրոսեան:

Զարեհ Պոյաճեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Զարեհ Պոյաճեան: Ան յայտնեց, որ Լիբանանի տարածքին մէջ գտնուող մեր ակումբներէն իւրաքանչիւրը կը գործէ իր շրջանի կենցաղին համընկնող գործելաոճով, սակայն բոլորը ունին նոյն ուղղուածութիւնը եւ առաքելութիւնը:

«Շրջաններուն մէջ գործող մարմինները պարտաւոր են ըլլալու թաղին արթուն պահակները, շրջանի հայութեան անվտանգութեան պահապան զինուորները, քաղաքացիական իրաւունքներու ձեռքբերման դատաւորները, հայապահպանման եւ հայեցի դիմագիծի հսկիչները, հայակերտման ուսուցիչները…», շեշտեց Զ. Պոյաճեան:

Եզրափակելով իր խօսքը` Պոյաճեան նկատել տուաւ, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը թելադրէ բոլոր մարմիններուն` վառ պահել ակումբներուն մէջ դաշնակցական ոգին եւ վեհանձնութիւնը, առաքինի ընկերասիրութիւնը, դաշնակցական բարոյական բոլոր արժէքները` հաստատելով, որ Ամանոսի շրջանի բնակիչները պիտի ողողեն սրահը` հայու շունչ փոխանակելու, որովհետեւ «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբը շրջանի հայութեան յենարանն է, եւ անոնք միասնաբար կը կազմեն սփիւռքահայութեան հաստ երակներէն մին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան

Ձեռնարկի աւարտին իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Օշին Ա. քհնյ. Գէորգեան` գնահատանքի խօսք ուղղելով շրջանի ընկերներուն, որոնք կանգուն պահեցին ակումբին հիմերը: Ան մաղթեց, որ ակումբը միշտ վառ մնայ եւ դռները բաց ըլլան ժողովուրդի բոլոր կարիքներուն:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Խաժակ Խաչատուրեան` ջութակ, Սերօ Քելուկեան` ասմունք, ընկերակցութեամբ Յակոբ Քելուկեանի` տուտուկ, Ալիս Իփրաճեան` երգ, նաեւ Գառնիկ Սարգիսեան` փունջ մը յեղափոխական երգերով:

Նշենք, որ ձեռնարկի ընթացքին յուշանուէրներ բաժնուեցան ներկաներուն:

 

Գառնիկ Սարգիսեան

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )