Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբ- 17 Համալսարաններ Գործակցութեան Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն

Վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան (աջին)

Կազմակերպութեամբ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին հինգշաբթի, 27 սեպտեմբերին, «Քրաուն Փլազա» (Համրա) պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին գործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութիւն կատարուեցաւ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին եւ Լիբանանի մէջ գործող 17 համալսարաններու միջեւ:

Այս մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին նախարարներ Ֆայսալ Քարամէի եւ Հասսան Տիապի ներկայացուցիչները` Ֆայսալ Ալամէտտին եւ Ահմետ Ժամմալ, Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ եւ հիմնադիր Մէյ Խալիլ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, տարբեր համալսարաններու նախագահներ, պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, հրաւիրեալներ, յատուկ հիւրեր եւ մարզական լրագրողներ:

Իր խօսքին մէջ Մէյ Խալիլ ըսաւ, որ 17 համալսարաններու հետ ստորագրուած գործակցութեան այս համաձայնագիրը պանծալի նոր էջ մը պիտի բանայ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին պատմութեան մէջ` նկատի ունենալով, որ անոնց հետ միասին Պէյրութի միջազգային Մարաթոնը պիտի ստանայ յաւելեալ փայլք մը, մանաւանդ որ այս համաձայնագիրին անունը ինքնին կը վկայէ այդ մէկը` «Փոփոխութիւն կատարողներ»:

Այս մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ նաեւ, որ համաձայնագիր կնքուեցաւ «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ, որ կիրակի, 11 նոյեմբեր 2012-ին, այս Մարաթոնը ուղղակիօրէն պիտի պատկերասփռէ:

Աւարտին, Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբը 17 համալսարաններու ներկայացուցիչներու եւ պատասխանատուներուն հետ աւելի քան երկու ժամ տեւած յատուկ նիստի մը ընթացքին անոնց բացատրեց, թէ ի՛նչ ձեւով անոնք պիտի կատարեն իրենց աշխատանքը:

Նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Հայկազեան համալսարանի ներկայացուցիչ Ռազմիկ Գաբրիէլեան:

Share this Article
CATEGORIES