Կիրակնօրեայ Խօսքը. «Խարազան Մը Շինեց Եւ Բոլորը Դուրս Հանեց…»

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող,  այսօր կարդացի՞ր մեր օրաթերթին մէջ «Մենք եւ մեր հաւատքը» գրութիւնը, որուն ինծի անծանօթ շատ սրտնեղած հեղինակը աշխարհական հայորդի մըն է: Եթէ ուշադրութիւնդ չգրաւեց այս յօդուածը, կը խնդրեմ, որ կարդաս զայն («ԱԶԴԱԿ», 24 սեպտեմբեր 2012, էջ 6ա-բ):

Հեղինակին մեծ հիասթափութիւն, յուսախաբութիւն ու սրտնեղութիւն պատճառած դրուագներու ներկայացումը կրնաս հաւնիլ կամ չընդունիլ. ազատ ես. բայց անոնք, դժբախտաբար, չեն դադրիր իրական ու ճիշդ ըլլալէ, եւ այն` ոչ միայն Լոս Անճելըսի այս կամ այն եկեղեցիին մէջ, այլ նաեւ` համարեա ամէնուրեք, բայց մանաւանդ` Լիբանան…

Անկեղծօրէն ըսելու համար ուրախ եւ զգացուած եմ, որ մատնանշումը, այո՛, խարազանումը կու գայ գիտակից հայ աշխարհակա՛ն անձէն, որուն ուղիղ «քարոզ»-ագրութիւնը քարոզի բնոյթ չունի թէպէտ, բայց եւ այնպէս նկատելու ենք իբրեւ այդպիսին, քանի կը նպատակադրէ սրբագրումը հայ հասարակութեան յոռի դրսեւորումներուն, եւ ասով` բարելաւումը մեր ժողովուրդին կրօնական հասկացողութեան ու հոգեւոր ապրելակերպին:

Ճիշդ է, որ բացառութիւնները միշտ կը յարգուին: Բայց, կը ներես, անոնք փնտռուելու եւ գտնուելու են անկէ առաջ: Արդ, եկեղեցիին մէջ ենք:

Երկխօսութիւնները, խօսակցութիւնները, շատախօսութիւններն ու շաղակրատութիւնները գրաւած են ոչ միայն մեր զգացական եւ արտաքին աշխարհը, այլ նաեւ` մեր հոգեմտաւոր ներաշխարհը:

Սակայն Տէրը զանոնք կը յանդիմանէ. «Տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի, եւ դուք զայն աւազակներու քարայր դարձուցիք»: Խօսքէն գործի անցնելով` «Յիսուս տաճար մտաւ եւ վռնտեց բոլոր անոնք, որոնք կը ծախէին ու կը գնէին տաճարին մէջ» (Մտթ. 21,13 եւ 12):

Աւելի՛ն. կօշիկի, գուլպայի ու զգեստի, երբեմն ալ գլխարկի եւ ակնոցի «մոտա»-յէն հասկցողները իրարու հետ նախանձախնդիր մրցակցութեան ելած են:

Սակայն Տէրը զանոնք կը պարսաւէ. «Տունս աղօթքի տուն պիտի ըլլայ, իսկ դուք զայն վերածեցիք աւազակներու բոյնի»: Խօսքէն գործի անցնելով` «Յիսուս տաճար մտաւ եւ սկսաւ դուրս հանել առեւտուր ընողները» (Ղկ. 19,46 եւ 45):

Աւելի՛ն. նուագը, երգեցողութիւնը, այս կամ այն սարկաւագին ձայնը չհաւնողները իրենց կարծիքը րոպէին յայտնելու մարմաջէն տառապանքին մէջ ինկած են:

Սակայն Տէրը զանոնք կը պախարակէ. «Տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի բոլոր ազգերուն համար, իսկ դուք զայն վերածած էք աւազակներու բոյնի»: Խօսքէն գործի անցնելով` «Յիսուս տաճար մտաւ եւ սկսաւ արտաքսել տաճարին մէջ առեւտուր ընողները» (Մրկ. 11,17 եւ 15):

Աւելի՛ն. պատարագիչին շարժուձեւը, ձայներանգն ու քարոզը բազմաթիւ քննադատողները իրենց նիշը րոպէին տալու նախանձախնդրութեան մէջ ամենագէտ դարձած են:

Սակայն Տէրը զանոնք կ՛այպանէ. «Վերցուցէ՛ք ասոնք: Իմ Հօրս տունը վաճառքի տունի մի՛ վերածէք»: Խօսքէն գործի անցնելով` «Յիսուս… տաճարին մէջ գտաւ մարդեր, որոնք եզներ, ոչխարներ ու աղաւնիներ կը վաճառէին, ինչպէս նաեւ լումայափոխներ` նստած սեղաններու գլուխը», եւ արտաքսեց զանոնք (Յվհ. 11,14 եւ 16):

Ս. Գիրքէն վերոթուեալ այս չորս խումբերուն հերոսուհիներն ու հերոսները, ինքնակոչ համարումով` «եկեղեցասէրնե՜ր» ու «հաւատացեալնե՜ր» ներկային մէջ, մոռցած են Յիսուսի` մեր Աստուածային Վարդապետին վերի չորս հրամայականներն ու անոնց յաջորդած չորս արարքները, որոնց տեւական անտեսումով` վտանգած են իրենք զիրենք լսելու մեր մարդասէր Տիրոջ այս առարկայական մեղադրանքը. «Այս ժողովուրդը զիս շրթունքներով կը պաշտէ: Անոր սիրտը հեռացած է ինձմէ: Ի զո՜ւր պաշտամունք կ՛ընծայեն ինծի» (Մտթ. 15,8):

Արդ, դառնամ «Մենք եւ մեր հաւատքը» գրութեան պատճառ տուած գայթակղեցուցիչ սովորութեան, որ «կեղծաւորներու» երեւնալու (Մտթ. 6,5) եւ «հեթանոսներու» շատախօսելու (Մտթ. 6,7) նորամուտ սովորութիւնն է մեր եկեղեցիներուն մէջ:

Անցեալ ամիս հրաւիրուած էի ներկայ ըլլալու Ս. պսակին: Աստուա՜ծ իմ, «տունս, աղօթքի

տուն»-ը վերածած էին հասարակաց խօսարանի ու ժողովարանի մը: Չեմ գիտեր, քանի՞ հոգիներ կը հետեւէին տէր հօր աղօթքներուն: Առաւել, կիսամերկ հարսը, քանիցս ետեւ դարձած, կու տար հրահանգներ, եւ այն` աչքերով, յօնքերով ու շրթունքներով:

Ասկէ ութ օր առաջ կնունք ունէի: Սրբազան արարողութեան աւարտին` լռելեայն թոյլատրեցի, որ լուսանկարուին: Աւանդատուն հազիւ մտած էինք, եւ ահա փրթաւ խօսակցութիւնը, աղմուկը: Ներքուստ ընդվզած ու տխրած` հարցադրող աչքերով նայեցայ տիրացուիս. «Միջամտե՞մ, յանդիմանե՞մ, լռեցնե՞մ, դուրս հանե՞մ, թէ՞ համբերեմ…»: Բարեմիտը տրտմաշեշտ ժպիտով պատասխանեց. «Համբերութիւն, վարդապե՛տ»:

«Եղբա՜յր, եթէ հիմա օտարազգի կամ այլակրօն մը գայ հոս, ի՞նչ պիտի ըսէ` տեսնելով ինքզինքն առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդ ու պետութիւն հռչակած ազգին զաւակներուն այս աղմկալից խառնիճաղանճը Տիրոջ տունին մէջ»:

Ապա մէկէն մտաբերեցի Ս. Գիրքին պատումը Յիսուսի արարքին մասին. «Պարաններով խարազան մը շինեց եւ բոլորը դուրս հանեց տաճարէն» (Յվհ. 2,15): Եւ, հոս ինչո՞ւ իմ մեղքս պահեմ, «անձկագին ցանկացայ» (Ղկ. 22,15) մարդասէր Խարազանողին ներկայութեան. «Եկո՛ւր, Տէր Յիսուս»: Քանի գիտէի պատասխանը. «Ես իսկոյն կու գամ: Ամէն» (Յյտ. 22, 20):

 

Սթոքհոլմ, 24 սեպտեմբեր 2012  

 

Share this Article
CATEGORIES