Չորս Հայեր Մասնակցեցան Նախկին Խորհրդային Միութեան Համալսարանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ Տեղի Ունեցած Ճատրակի Մրցաշարքին. Հրայր Գասապեան, Լիակ Մարտիրոսեան Եւ Նանօր Առնելեան Տիրացան Մետալներու
Երէկ` կիրակի, 30 սեպտեմբերին, Նախկին Խորհրդային Միութեան համալսարանաւարտներու ճատրակի ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը` մասնակցութեամբ 21 ճատրակ խաղացողներու:
Անոնց կարգին էին չորս հայեր:
Հրակ Լախեան, Նանօր Առնելեան եւ Լիակ Մարտիրոսեան մասնակցեցան 8 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն, իսկ Հրայր Գասապեան` 10 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներուն:
8 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, ուր պայքարը եղաւ բաւական սուր, յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը գրաւեցին Ատամ Պասսամ (5 կէտ, 6 առաւելագոյնէն), Մոհամետ Քապալան (4 կէտ) եւ Մոհամետ Ժաուիշ (4 կէտ):
Անոնց նման 4-ական կէտ ապահովեցին նաեւ Հրակ Լախեան եւ Նանօր Առնելեան:
Սակայն նկատի ունենալով, որ Նանօր Առնելեան տղոց նման ապահոված էր 4 կէտ, իր կարգին ստացաւ պրոնզ մետալ մը:
Ատկէ բացի, ան գրաւեց 8 տարեկանէն վար աղջկանց դասակարգին մէջ (երկու մասնակցողներու մէջ) առաջին դիրքը:
Մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ, առ ի քաջալերանք Լիակ Մարտիրոսեանի (որ ապահովեց կէտ մը), տրուեցաւ քաջալերանքի մետալ մը, որովհետեւ անոր մօտ տեսնուած էր պայքարի ոգի:
10 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Հրայր Գասապեան` ապահովելով 3 կէտ, գրաւեց երրորդ դիրքը եւ ստացաւ համապատասխան պրոնզ մետալ մը:
Առաւելագոյն 5 կէտը ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Համզէ Մրատ, իսկ երկրորդ` Ժատ Համտուն (3 կէտ):
Ինչ կը վերաբերի 14 տարեկանէն վար դասակարգին, 5 կէտէն 5 կէտ ապահովելով առաջին հանդիսացաւ Ապտել Լաթիֆ Հասան:
Մրցաշարքը ընթացաւ բաւական հեզասահ ձեւով, եւ պէտք է ըսել, որ անիկա լաւ կազմակերպուած էր:
Քաջալերելի է հայ մասնակցողներուն արձանագրած արդիւնքը, սակայն յառաջիկային բնականաբար աւելին կ՛ակնկալուի այլ մրցաշարքերու ընթացքին:
Իսկ ինչ կը վերաբերի չորս հայ մասնակցողներուն յաճախած վարժարաններուն եւ անոնց մարզիչներուն, Հրակ Լախեանի (Ճեմարան), Լիակ Մարտիրոսեանի (Կ. Բ. Վ.) եւ Հրայր Գասապեանի (Ճեմարան) մարզիչն է Գէորգ Կոստանեան, իսկ Նանօր Առնելեանի (Մեսրոպեան) մարզիչը` Էլի Հուլիշեան: