«Եալթայի Ժողովէն Սեղմ Խորհրդային Միութիւն Մը Կը Վերակենդանանայ» Կը Գրէ «Քոսմոլիսքայա Փրաւտա»

Ռուսական «Քոսմոլիսքայա Փրաւտա» օրաթերթը ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու վարչապետներու անցեալ ուրբաթ օր ուքրանական Եալթա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ժողովին անդրադառնալով կը մատնանշէ «անոր կարեւոր արդիւնքները»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ զինուորական գետնի վրայ վարչապետները որոշած են յառաջիկայ տարուան ընթացքին հակաօդային միացեալ պաշտպանութեան համակարգ մը ստեղծելու համար անհրաժեշտ գումարները ապահովել, իսկ տնտեսական գետնի վրայ ժողովի մասնակիցները համաձայնութիւն գոյացուցած են հիմնելու ազատ առեւտուրի գօտի մը, որ կը գործէ առեւտրական նոր համակարգի մը հիմամբ, որ Ռուսիան, Ուքրանիան, Պիելոռուսիան, Մոլտաւիան, Ղազախստանը, Ուզպեքիստանը, Տաճիկիստանը, Թուրքմենիստանը, Խըրխըզիստանը, Հայաստանն ու Ազրպէյճանը ներառող լայն տարածքի մը մէջ ազատ առեւտուրի առջեւ հորիզոններ կը բանայ:

Աւելի՛ն, ժողովին մասնակիցներուն կարծիքով, «միջազգային ելեւմտական տագնապը ցոյց տուած է, որ տոլարն ու եւրոն միջազգային տնտեսութեան կայունութեան համար բաւարար չեն եւ միջազգային պահեստի յաւելեալ դրամանիշերու կարիք գոյութիւն ունի, իսկ ռուսական ռուբլին եւ չինական եուանը կրնան այդ դերը կատարել»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )