Ժոմպլաթ. «Սուրիոյ Տագնապը Հրահրող Բոլոր Կողմերը Կը Հրկիզեն Ու Կը Քանդեն Հալէպը»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա» շաբաթաթերթին մէջ լոյս տեսած իր տեսակէտին մէջ գրեց, որ Հալէպը քանդուած է եւ հետզհետէ մոխիրի կը վերածուի, որովհետեւ Սուրիոյ տագնապը հրահրող բոլոր կողմերը կը մեղսակցին Հալէպի հրկիզումին եւ քանդումին:

Ժոմպլաթ շեշտեց, որ Հալէպի քանդումին առաջին պատասխանատուները Սուրիոյ վարչակազմն է եւ անոր դաշնակիցները` սկսելով Ռուսիայէն եւ հասնելով մինչեւ Իրան:

Ան ընդգծեց, որ Հալէպի քանդումին կը մեղսակցին նաեւ այն սուրիացիները, որոնք կ՛օժանդակեն եւ կը զօրակցին Սուրիոյ վարչակարգին, որովհետեւ եթէ իրենք եւս յեղափոխութեան մասնակցէին, ապա աւելի արագ կարելի պիտի ըլլար տապալել Սուրիոյ վարչակարգը:

Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքի նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ վարչակարգը միայն իր գոյատեւման մասին կը մտածէ, նոյնիսկ եթէ անիկա ըլլայ Սուրիոյ միասնականութեան հաշուոյն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )