Պըրրի Կը Մերժէ Փոքր Ընտրաշրջանները, Իսկ Արսլան` 1960-ի Օրէնքը

Պըրրի` Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` ընտրական օրէնքին վերաբերող հարցերը:

Հանդիպումէն ետք Արսլան մաղթեց, որ ընտրական նոր օրինագիծին նկատմամբ ցուցաբերուի ազգային մօտեցում, եւ երկրին շահերը, ազգային համերաշխութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը գերակայ հասկացողութիւններ նկատուին:

Արսլան նշեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը լիբանանցիներուն փափաքները եւ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը չի ներկայացներ: Արսլան 1960-ի ընտրական օրէնքը  նկատեց «ականուած»:

Արսլան, որուն ընկերակցեցաւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտին, ըսաւ, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը թիրախ կը դարձնէ լիբանանեան ազգային համերաշխութիւնն ու ապահովական կայունութիւնը: Ան նշեց, որ այդ օրէնքը Լիբանանը կ՛ենթարկէ բաժանումի եւ համայնքային ու յարանուանական լարուածութեան:

«Այս մտահոգութիւններէն մեկնելով` մենք խորհրդարանի նախագահէն պահանջեցինք յանգիլ ընտրական նոր օրէնքի մը, որ կը համընկնի լիբանանեան սահմանադրութեան եւ Թաէֆի համաձայնագիրին», յայտնեց Արսլան:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Մըքտատ ընտանիքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Լասայի քաղաքապետ Իսամ Մըքտատ եւ թաղապետ Մահմուտ Մըքտատ, ինչպէս նաեւ ընտանիքի կարգ մը անդամներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լասայի կալուածներուն եւ Մըքտատ ընտանիքի կարգ մը անդամներուն ձերբակալութեան վերաբերող հարցեր:

Իսամ Մըքտատ յայտնեց, որ իրենց ընտանիքին անդամներուն ձերբակալումները տակաւին կը շարունակուին` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է այս իմաստով դատական յստակ որոշումներ տալ:

Ան նշեց, որ Պըրրի խոստացած է այս հարցը անձամբ լուծել` ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն հետ:

Պըրրիի այցելեցին նաեւ պաղեստինցի գաղթականներու օժանդակութեան կազմակերպութեան` ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ընդհանուր ներկայացուցիչ Ֆիլիփօ Կրանտէ եւ Լիբանանի մէջ ՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի ներկայացուցիչ Էն Տէյսմոր եւ անոր տեղակալը` Ռոժէ Տէյվիս:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ նախկին նախարար Ֆաուզի Հըպէյշ:

Միւս կողմէ, Պըրրի հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Լիբանանը 50 ընտրաշրջաններու բաժնող ընտրական օրինագիծը եւ այդ պատճառով ալ քրիստոնեաներուն ձգած է ընտրական օրինագիծի մը շուրջ համաձայնելու յանձնառութիւնը:

Ան հաստատեց, որ ինք կը զօրակցի Լիբանանը մէկ ընտրաշրջանի վերածող ընտրական օրէնքի մը, կամ նուազագոյնը` այնպիսի օրէնքի մը, որ կը համընկնի Թաէֆի համաձայնագիրին:

Պըրրի մերժեց այն մեկնաբանութիւնները, թէ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւնները ուղղակիօրէն կապուած են Սուրիոյ տագնապին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )