Ցուցարարներ Թեհրանի Մէջ Ֆրանսական Դեսպանատան Առջեւ Ոստիկանութեան Մէկ Անցարգելը Քանդեցին
Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, 15 կին ցուցարարներ երէկ առաւօտեան Իրանի մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ ոստիկանութեան մէկ անցարգելը քանդած են:
Դիւանագիտական անանուն աղբիւր մը յայտնեց, որ կիներ առանց նախապէս զգուշացման ցոյցի դիմած են, ապա իրանեան ոստիկանութեան պատկանող անցարգելը քանդած են:
Դէպքէն շուրջ 45 վայրկեան ետք ոստիկանական ուժեր դէպքին վայրը հասնելով բոլոր ցուցարարները ձերբակալած են:
CATEGORIES Միջազգային

