Պըրրի – Միքաթի Հանդիպում
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընտրական օրէնքներուն եւ պետական նշանակումներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք վարչապետը շեշտեց, որ պետական նշանակումները կատարելու առումով աշխատանքը ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ այդ նշանակումները ամբողջական կերպով կատարել:
Ընտրական օրէնքին անդրադառնալով` Միքաթի շեշտեց, որ ինք յանձնառու է կառավարութեան վաւերացուցած ընտրական օրինագիծին, որ արդէն իսկ ներկայացուած է խորհրդարան:
«Պըրրի նախանձախնդիր է այնպիսի ընտրական օրինագիծի մը, որ կը համընկնի Թաէֆի համաձայնագիրին եւ աւելի ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ քաղաքական այն կողմերուն, որոնք մտահոգութիւններ ունին», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետ Միքաթի նշեց նաեւ, որ ինք Պըրրին տեղեակ պահած է Նիւ Եորքի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքներէն:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպերը, Մոհամետ Քապպանին եւ Ժոզեֆ Մաալուֆը` ընկերակցութեամբ փտածութեան դէմ պայքարի ազգային խորհուրդի անդամներուն:
Հանդիպումէն ետք Մուխայպեր յայտնեց, որ իրենք կը պահանջեն, որ ապօրինի հարստացումը արգիլող օրէնքը իսկապէս գործադրուի:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի եւ նախկին նախարար Ալպեր Մանսուր: