Զօր. Աուն Մտահոգութիւն Կը Յայտնէ Քրիստոնեայ Համայնքին Վարուելակերպին Նկատմամբ

Համախմբումի նիստէն պահ մը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ պատասխանեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի` Իլիժի Տիրամօր վանքին դռները իր այցելութեան դէմ փակելու առումով:

«Ցաւ ի սիրտ տեղեակ չէի, թէ Իլիժի Տիրամօր վանքին սեփականատէրը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնն է, այլապէս անոր հետ կը համադրէի: Սակայն պէտք է ըսել, որ կիրակի օր լիբանանեան ազգային ուխտը խզուեցաւ, որովհետեւ լիբանանցին իր հողին վրայ ազատութիւն եւ իրաւունք ունի բոլոր վայրերը այցելելու, եւ քաղաքական ուժ մը չի կրնար այլ քաղաքացիի մը դիմաց ամբողջ շրջան մը փակել, որքան ալ «մեծ» ըլլայ ան: Հիմնականին մէջ իմ մտահոգութիւնս այսօր քրիստոնեայ համայնքին վարուելակերպին հանդէպ է: Քրիստոնեայ մը չկայ, որ ուրիշին դէմ եկեղեցւոյ դուռը կը փակէ», ըսաւ ան:

Զօր. Աուն իր այս յայտարարութիւնը կատարեց նախագահելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նիստին, որ տեղի ունեցաւ Ռապիէի մէջ:

Զօր. Աուն նշեց, որ 2008-էն ի վեր համախմբումը զանազան օրինագիծեր ներկայացուցած է խորհրդարանին, սակայն անոնք նկատի չեն առնուած, հակառակ այն իրողութեան, որ անոնք կը վերաբերին երեսփոխանի եւ նախարարի պաշտօնները չհամատեղելու, օտարներու կալուածներ չվաճառելու, ծերութեան ապահովագրութեան կամ թոշակի դրութիւն ստեղծելու, լիբանանեան քաղաքացիութիւնը վերստանձնելու, ինչպէս նաեւ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբին ներկայացուած բարեփոխումներու ցանկին:

 

Share this Article
CATEGORIES