Օսկանեան Զրկուեցաւ Խորհրդարանական Անձեռնմխելիութենէն
Երէկ տեղի ունեցաւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեանը անձեռնմխելիութենէն զրկելու հարցով քուէարկութիւնը:
Հաշուիչ յանձնախումբի ժամանակաւոր նախագահ Սուքիաս Աւետիսեան յայտնեց, որ քուէատուփին մէջ նետուած են 71 քուէաթերթիկներ, որոնցմէ մէկը անվաւեր էր: Անվաւեր քուէաթերթիկի վրայ ջնջուած են թէ՛ դէմը, թէ՛ թերը: Ձայներու 64 թեր եւ 6 դէմ յարաբերակցութեամբ Վարդան Օսկանեան զրկուեցաւ իր պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէն:
Ազգային ժողովի Բարգաւաճ Հայաստան, Հայ ազգային քոնկրես, Ժառանգութիւն եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները չմասնակցեցան քուէարկութեան: Քուէարկեցին Հանրապետական կուսակցութեան եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան խմբակցութիւններուն պատգամաւորները: Ըստ որոշ տեղեկութիւններու, դէմ քուէարկած 6 պատգամաւորները կը պատկանին Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան:
Օսկանեանի Հակազդեցութիւնը
64 թեր ձայնով պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ զրկուած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան պատգամաւոր Վարդան Օսկանեան արձանագրութիւն կատարած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ` կատարուածը որակելով անարդարութիւն ժողովուրդի, սովորական քաղաքացիի, երիտասարդ սերունդի նկատմամբ:
«Քիչ առաջ խորհրդարանը զիս զրկեց պատգամաւորական անձեռնմխելիութենէ: Գրեթէ միաժամանակ տեղեկացանք, որ դրացի Վրաստանի մէջ երկրի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլին ընդունած է իր կուսակցութեան պարտութիւնը երէկ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
«Փաստօրէն Վրաստանի մէջ արդէն կայ քաղաքական հակակշիռ` նախագահը կուսակցութեան մը անդամ է, օրէնսդիրն ու կառավարութիւնը շուտով պիտի ըլլան այլ կուսակցութեան ձեռքը: Ասով Վրաստանը մեզմէ նաեւ քաղաքականապէս եւս տասը քայլ առաջ անցաւ:
«Այս շրջանին մէջ այս հարցով առաջինը ըլլալու կարելիութիւն մենք ունէինք խորհրդարանական անցեալ ընտրութիւններուն ժամանակ: Բոլորդ կը յիշէք այդ օրերուն իմ եւ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքական պայքարի գաղափարական հէնքը, որ այդ հակակշիռը ստեղծելն էր: Հաշուի առնելով այդ օրերուն ժողովուրդին տրամադրութիւնները` այդպիսի արդիւնքը անխուսափելի էր: Բայց ատիկա չեղաւ, որովհետեւ իշխող կուսակցութեան պարագլուխները չունեցան այդ հեռատեսութիւնը` կարենալ պետութեան եւ ժողովուրդի շահերը վեր դասելու իրենց նեղ կուսակցական, խմբակային եւ անձնական շահերէն:
«Կեղծուեցան ընտրութիւնները, եւ այսօր ունինք այն, ինչ որ ունինք: Եթէ ըլլար այդ հակակշիռը, այսօր մեր խորհրդարանին մէջ նման անարդարութիւն չէր ըլլար: Այդ անարդարութիւնը իմ նկատմամբ չէ: Ատիկա մեր ժողովուրդի, սովորական քաղաքացիի, երիտասարդ սերունդի նկատմամբ է եւ առհասարակ` մեր երկրի ճակատագիրին նկատմամբ», նշուած է Վարդան Օսկանեանի «Ֆէյսպուք»-ի էջին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատունը`
«Մտահոգուած»
Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը երէկ տարածած է յայտարարութիւն, որուն մէջ կը նշուի.
«Մենք ուշադրութեամբ հետեւած ենք արտաքին գործոց նախկին նախարար Օսկանեանի դէմ ընթացող դատական գործին եւ շատ մտահոգուած ենք վերջին զարգացումներով: Մենք յոյսով ենք, որ այս գործը չի հանդիսանար Հայաստանի օրէնսդրութեան ընտրովի կիրարկում` պայմանաւորուած քաղաքական շարժառիթներով, քանի որ ատիկա կրնայ արժեզրկել այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են առաւել մեծ թափանցիկութեան խթանման եւ Հայաստանի իրաւական, արդարադատութեան եւ օրէնսդրական ոլորտներու բարեփոխման»:


