«Հայաստան Ներկայիս Ճատրակի Աշխարհի Թիւ 1 Տէրութիւնն Է» Կ՛ըսէ Գասպարով
Ճատրակի աշխարհի 13-րդ ախոյեան Կերի Գասպարով ռուսական մամուլին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ ներկայիս Հայաստան ճատրակի զօրաւորագոյն եւ աշխարհի թիւ 1 տէրութիւնն է:
«Եթէ նկատի ունենանք եւ դատենք ճատրակի վերջին ողիմպիականներուն արդիւնքները, ապա ուրեմն կը տեսնենք, որ Հայաստան կը հանդիսանայ աշխարհի թիւ 1-ը` բնականաբար այս մարզին մէջ: Հայաստանի մէջ ճատրակը դարձած է այնպիսին, ինչպէս Հարաւային Ամերիկայի մէջ ֆութպոլը, նոյնիսկ դպրոցական ծրագիրին մէջ պարտադրուած է ճատրակը: Ռուսիա 2002-էն ի վեր չէ յաջողած յաղթանակ տօնել ճատրակի ողիմպիականին, մինչ Հայաստան հռչակուած է եռակի ախոյեան», կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը` մէջբերելով Գասպարովի խօսքերը:
CATEGORIES Մարզական

