«Հալէպի Հայկական Թաղամասերուն Մէջ Համեմատական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ» «Ազդակ»-ի Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Երէկ «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ` տեղեկանալու համար Հալէպի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն մասին:

Ժիրայր Ռէյիսեան նշեց, որ քաղաքին մէջ կացութիւնը հետզհետէ աւելի կը հանդարտի, թէեւ մերթ ընդ մերթ արձակազէններ կը զգացնեն իրենց ներկայութիւնը: Բուռն բախումները ներկայիս կեդրոնացած են հայկական թաղամասերէն բաւական հեռու Հալէպի պատմական փակ շուկայի եւ մեծ մզկիթի շրջաններուն մէջ: Նկատի ունենալով այս երկու շրջաններու պատմական բնոյթը, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն կողմերուն ուշադրութեան յանձնած էր այդ բնոյթի պահպանման կարեւորութիւնը: Այս իրողութենէն մեկնելով սուրիական բանակը իր գործողութիւնները կը կատարէ շատ զգուշաւոր կերպով:

«Մեկնելով քաղաքին մէջ ստեղծուած համեմատական հանդարտութեան մթնոլորտէն, մարդիկ քիչ մը լաւատեսութեամբ կը վերադառնան իրենց տուները եւ նախնական անհրաժեշտ վերանորոգումները կը կատարեն», ըսաւ Ժիրայր Ռէյիսեան:

Ռէյիսեան նաեւ հաղորդեց, որ Ազգային շտապ օգնութեան մարմինը օգտակար կ՛ըլլայ ժողովուրդին, որ վնասներու արձանագրութեան գործը դիւրանայ պետութեան մօտ: Պետութիւնը կ՛արձանագրէ բոլոր վնասները եւ կը խոստանայ որոշ չափով ստանձնել փոխհատուցումը: Վնասները դարմանելու աշխատանքին մէջ իր հիմնական դերը կ՛ունենայ Ազգային շտապ օգնութեան մարմինը:

Իրավիճակը` Դամասկոսի Մէջ

Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ մինչ մայրաքաղաքը հանդարտ էր երկուշաբթի օր, Արեւելեան Ղութայի շրջանին մէջ վիճակը սաստկացած էր: Լսուած են պայթումի եւ կրակոցներու ձայներ որոշ շրջաններու մէջ:

Յատկանշական է նաեւ Տումայէն եւ այլ շրջաններէն բնակիչներու տեղափոխութեան հոսք մը. ըստ սուրիական լրատուամիջոցներուն, սուրիական բանակի եւ զինեալներու միջեւ ծանր բախումներ տեղի ունեցան Տումայի եւ Հարասթայի մէջ:

«Իսկ երեքշաբթի օր մայրաքաղաքին մէջ որդեգրուած էին ապահովական խիստ միջոցառումներ, ուր կարգ մը ճամբաներ փակուած էին: Նշենք նաեւ, որ օրուան ընթացքին մայրաքաղաքի բոլոր կողմերը կը լսուէին թնդանօթներու եւ ուղղաթիռներու հարուածներու ձայներ` արեւելեան արուարձաններուն ուղղութեամբ»,  տեղեկացուց «Ազդակ»-ի թղթակիցը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )