«Դիմադրութեան Զէնքը Բարձր Պիտի Պահուի» Հաստատեց Շէյխ Նայիմ Քասեմ
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ շեշտեց, որ Դիմադրութեան քորանային տեսլականը շատ աւելի կարեւոր է, քան` անոր զէնքը, եւ հիմնականին մէջ հաւատքն է, որ կը պահպանէ Դիմադրութիւնը, որ երեւոյթ մը չէ, այլ` համոզում:
Շէյխ Քասեմ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը թիրախ դարձնող կողմերը չեն փափաքիր Դիմադրութեան գոյութիւնը եւ մնայուն կերպով կը փափաքին զայն թիրախ դարձնել, որովհետեւ անոնք կ՛ուզեն Իսրայէլի գոյութիւնը երաշխաւորել:
«Այսինքն` Դիմադրութեան զէնքին թօթափումը պահանջող կողմերը կը փափաքին, որ անոր զէնքը վար դրուի, որպէսզի Իսրայէլը մնայ», ըսաւ ան:
Շէյխ Քասեմ հաստատեց, որ Դիմադրութեան զէնքը բարձր պիտի պահուի, որպէսզի պաշտպանէ Լիբանանը Իսրայէլ կոչուող քաղցկեղային պալարէն, որ ամբողջ աշխարհին բեռ կը նկատուի եւ որուն պարտականութիւնն է շրջանին մէջ հրդեհներ բռնկեցնել ու Միջին Արեւելքի ապահովական կայունութեան սպառնալ:

